Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Սինկափուր

July 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սինկափուրի «Իսթանա» կառավարական նստավայրին մէջ հանդիպում  ունեցած է երկրի նախագահ Խալիմա Եաքոպին հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ  հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Եաքոպ ողջունելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը Սինկափուր` նշած է, որ երկրին մէջ առկայ փոքրաթիւ հայ համայնքը կը վայելէ մեծ հեղինակութիւն: «Ձեր այցելութիւնը ունի մեծ նշանակութիւն մեր երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական կապերը զարգացնելու գործին մէջ», ըսած է Խալիմա Եաքոպ` աւելցնելով, որ Սինկափուրը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու հայ գործընկերներուն հետ, իրականացնել փորձի փոխանակում:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ Սինկափուրի հետ համագործակցութեան խորացումը եւ աւելցուցած, որ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ կան ջերմ յարաբերութիւններ:

Հայաստանի վարչապետը եւ Սինկափուրի նախագահը քննարկած են ներդրումային ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն, առեւտրական-տնտեսական կապերու զարգացման, երկկողմանի եւ բազմակողմանի  ձեւաչափերու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպում` Սինկափուրի Վարչապետին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սիեն Լոնքի հետ:

Լի Սիեն Լոնքի հետ հանդիպումին ընթացքին նշուած է, որ Փաշինեանի այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան: Ըստ Սինկափուրի վարչապետին, Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը Սինկափուրի մէջ կը վայելեն մեծ յարգանք, եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը շահագրգռուած է հայկական կողմին հետ աշխուժ գործակցութիւն ծաւալելով: Ան կարեւոր նկատած է փոխադարձ գործակցութիւնը տնտեսութեան ոլորտին մէջ, ընդգծած առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին նշած է, որ երկկողմանի արդիւնաւէտ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք հայ-սինկափուրեան կապերը հետեւողականօրէն պիտի ընդլայնին: Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ ամբողջ աշխարհը տպաւորուած է Սինկափուրի զարգացման փորձով, եւ մեր երկիրը նոյնպէս ատիկա կը նկատէ օրինակելի: «Մենք շահագրգռուած ենք խորացնելու քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութիւնը, սերտացնելու կապերը ժողովուրդներուն միջեւ», ըսած է վարչապետը` կարեւոր նկատելով նաեւ գործարար մակարդակի վրայ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը:

Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներու վարչապետները քննարկած են ներդրումային միացեալ ծրագիրներու իրականացման, առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, բարձր արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, օդանաւորդութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Անոնք անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման համաձայնագիրի ստորագրութեան` համոզմունք յայտնելով, որ ասիկա եւս նոր թափ պիտի հաղորդէ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման:

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք Հայաստանի եւ Սինկափուրի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան քանի մը փաստաթուղթեր`  առեւտուրի, զբօսաշրջութեան, ելեւմուտքի, մշակոյթի եւ երկրագործութեան եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Երկօրեայ Այցելութիւն Տուած Է Սիւնիքի Մարզ

Յաջորդը

ՀՅԴ Արցախի Կազմակերպութեան Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.