Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Յայտարարութիւն Հրապարակած Է Հրադադարի Համաձայնագիրի 25-ամեակին Առիթով

May 16, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը  յայտարարութիւն տարածած է` կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման վերաբերող համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Փաստաթուղթին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ չորս տարի տեւած եւ 30 հազար կեանք խլած պատերազմէն ետք ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի գօտիին վրայ տիրող խաղաղութիւնը, հակառակ իր փխրուն բնոյթին, 12 մայիս 1994-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ ստորագրուած հրադադարի մասին համաձայնագիրով ձեռք բերուած հիմնական նուաճումն է:

Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՛ողջունէ հրադադարի դրութեան պահպանումը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կը տեւէ արդէն քառորդ դար, եւ կոչ  կ՛ուղղէ ստորագրելու եռակողմանի պայմանագիր` երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու մասին:

«Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի է, եւ այդ իմաստով կ՛արձանագրեմ, որ Արցախ պետութիւնը, որ արդէն քառորդ դարէ աւելի է գոյութիւն ունի, Արցախի ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքի հիմնական երաշխաւորն է` ընդդէմ Ազրպէյճանի: Այս խաղաղութիւնը վերջնական չէ, քանի որ զինուած դիմակայութիւնը կը շարունակուի, այսուհանդերձ յարաբերական խաղաղութիւն կը տիրէ` շնորհիւ միակ եռակողմանի համաձայնագիրին, որուն տակ ստորագրած է նաեւ Արցախը»,  յայտարարած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն:

Անդրադառնալով Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող լարուածութեան` ան նշած է, որ իւրաքանչիւր կողմէ ամէն մէկ մահ ողբերգութիւն է թէ՛ ընտանիքներու, թէ՛ հասարակութեան համար, եւ այդ լարուածութիւնը կը խանգարէ շրջանին յառաջընթացը:

«Հրադադարի մասին համաձայնագիրի դրական օրինակը կ՛ապացուցէ, որ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար բանակցային հոլովոյթին մէջ պէտք է ընդգրկուին տագնապի բոլոր կողմերը: Հաշուի առնելով այս հանգամանքը`   Ֆրանսան պէտք է խրախուսէ Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը բանակցութիւններու սեղան` յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնները բարձրացնելու համար»,  ընդգծած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահը:

 

Նախորդը

Աշոտ Ղուլեան. «Բարձր Կը Գնահատեմ Միջխորհրդարանական Այս Ձեւաչափի Կարեւորութիւնը»

Յաջորդը

Ի. Սաղաթէլեան. «Որեւէ Դատավարութեան Արդիւնքներուն Նկատմամբ Հասարակութիւնը Կասկածներ Պէտք Չէ Ունենայ»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.