Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Ղուլեան. «Բարձր Կը Գնահատեմ Միջխորհրդարանական Այս Ձեւաչափի Կարեւորութիւնը»

May 16, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբը սկսած է իր աշխատանքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութիւնը:

Նիստին բացումը կատարելով` Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան խօսած է նախորդ ամիսներուն երկու հայկական խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ հաստատուած կապերուն մասին: Ողջունելով միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի միացեալ նիստի աշխատանքներու մեկնարկը Երեւանի մէջ` ան ընդգծած է համազգային կարեւորութեան հարցերու քննարկման անհրաժեշտութիւնը: Ներկայացնելով նիստին օրակարգը` Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ, մասնաւորապէս Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն հակասող բանաձեւերու ընդունման դիմակայելու առումով:

Աշոտ Ղուլեան իր կարգին առանցքային նկատած է միջխորհրդարանական այս ձեւաչափին կարեւորութիւնը Արցախի համար` թէ՛ միջազգային հանրութեան Արցախի ձայնը լսելի դարձնելու, եւ թէ՛ օրէնսդրական փորձառութեան փոխանակման առումով: Արցախի խորհրդարանի ղեկավարը առանձնացուցած է միջխորհրդարանական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները` պատգամաւորական ներուժի կիրարկումը խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման նպատակով, այլ երկիրներու խորհրդարաններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն Հայաստան եկող պատուիրակութիւններուն այցելութիւնները Արցախ, ղարաբաղեան տագնապին էութիւնը խեղաթիւրող եւ կողմնակալ  ձեւակերպումներով նախաձեռնութիւնները ընդհանուր ուժերով դիմագրաւելու քայլերու ձեռնարկումը: Աշոտ Ղուլեան նաեւ առաջարկած է նիստի օրակարգային` այլ հարցերու բաժինի մէջ միացեալ քննարկումներու դաշտ բանալ այս պահուն արդիական` Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգրքի պատրաստութեան, հարկային օրէնսդրութեան  նախատեսուող փոփոխութիւններու, կրթութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներուն վերաբերող հարցերու քննարկման համար:

Այնուհետեւ նիստը շարունակուած է դռնփակ ձեւաչափով` «Խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման հեռանկարները» եւ «Խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ» օրակարգային հարցերով:

 

Նախորդը

Մամետեարով. «Ազրպէյճան Սկզբունքով Դէմ Է, Որ Արցախ Մասնակցի Բանակցութիւններուն»

Յաջորդը

Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Յայտարարութիւն Հրապարակած Է Հրադադարի Համաձայնագիրի 25-ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.