Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բոլորս Ալ Համաձայնած Ենք Ուժի Կիրարկման Կամ Կիրարկման Սպառնալիքի Բացառման, Տարածքային Ամբողջականութեան, Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Սկզբունքին Շուրջ» Կ՛ըսէ Քենթ

May 9, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր յոյսն ու ակնկալութիւնը այն է, որ բոլոր երկիրները խաղաղ, անվտանգ համագոյակցին իրենց դրացիներուն հետ: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Ճորճ Քենթ, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Թրամփի վարչակազմը Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան խնդիրներուն վերաբերեալ ունի՞ յստակ մօտեցում:

«Մեր յոյսն ու ակնկալիքը այն է, որ բոլոր երկիրները խաղաղ, անվտանգ համագոյակցին իրենց դրացիներուն հետ: Ճիշդ այդ նպատակով ալ մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող ենք, եւ մենք կ՛աշխատինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ` գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծումը», ըսաւ ան:

Անոր խօսքով, իրենք նաեւ կ՛աշխատին ժընեւեան միջազգային համախմբումի ծիրին մէջ Վրաստանի` «Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած» տարածքներու հարցը լուծելու շուրջ:

«Իբրեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններ, որուն կազմին մէջ են նաեւ Հարաւային Կովկասի պետութիւնները, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները` մենք բոլորս, համաձայնած ենք այն սկզբունքին շուրջ, որ պէտք է բացառուի ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումը, նաեւ համաձայնած ենք տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու` իրենց ապագան ինքնորոշելու սկզբունքի շուրջ», ըսաւ ան:

Ճորճ Քենթ նշեց, որ խօսելով անվտանգութեան հարցերուն մասին, չի կրնար չանդրադառնալ նաեւ հարաւը գտնուող պետութիւններուն` Իրանին եւ Սուրիոյ:

«Ցաւօք, Իրան կ՛ապակայունացնէ շրջանին մէջ իրավիճակը, անիկա կ՛աջակցի Կազայի հրթիռներուն: Մենք անվտանգութեան հարցերուն անդրադարձ կատարելու ընթացքին դիտարկեցինք ո՛չ միայն կովկասեան շրջանը, այլ նաեւ աւելի լայն ծիրի մէջ` անդրադարձ կատարելով այն պետութիւններուն, որոնք ջանքեր կը գործադրեն ոչ թէ յանուն խաղաղութեան եւ կայունութեան, այլ կը փորձեն ապակայունացնել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աունի Հանդիպումներուն Առանցքը Հանդիսացաւ Պետական Ամավարկն Ու Անոր Առնչուող Իրադարձութիւններ

Յաջորդը

«Ղարաբաղի Հարցով Ամէնէն Կարեւորը Այն Է, Որ Պէտք Է Յստակ Ձեւակերպել, Թէ Ի՛նչ Կ՛ուզենք» Կ՛ըսէ Վարչապետ Փաշինեան

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.