Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հանդիպումներուն Առանցքը Հանդիսացաւ Պետական Ամավարկն Ու Անոր Առնչուող Իրադարձութիւններ

May 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 8 մայիս 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աուն քննարկեց 2019-ի պետական ամավարկին անդրադարձներուն առնչուող վերջին զարգացումները` վերջին 48 ժամերուն իր ունեցած տեսակցութիւններուն լոյսին տակ, որոնք պատճառ դարձան տարբեր բնագաւառներու մէջ ծրագրուած բողոքի շարժումներու եւ գործադուլերու կասեցման, նախորդ օրերուն ցոյցերու թատերաբեմ հանդիսացած վայրերու մէջ բնականոն աշխատանքի վերադարձին:  Նախագահ Աուն նաեւ հետեւեցաւ այն քննարկումներուն, որոնք տեղի ունեցած են կառավարութեան նիստին` պետական ամավարկի տարբեր կէտերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ այն փոփոխութիւններուն, որոնք կատարուած են:

Այս ծիրին մէջ նախագահը ընդունեց աշխատանքի նախարար  Քամիլ Ապու Սլէյմանը, որուն հետ արծարծեց ներկայ իրադարձութիւնները եւ կառավարութեան աշխատանքները: Նախարարը նաեւ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց օտար ու անօրինական ձեւով աշխատողներու թղթածրարին լուծման վերաբերող ծրագիրը, որ կը միտի կարգաւորել այս բնագաւառը եւ հակակշիռի տակ պահել: Ըստ նախարար Ապու Սլէյմանին, հանրապետութեան նախագահը քաջալերած է զինք` մղելով, որ շարունակէ իր աշխատանքը, որ աւելի ուշ պիտի դրուի նախարարաց խորհուրդի սեղանին:

Նախագահ Աունի այցելուներուն կարգին էր նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի եւ Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի. քննարկումի նիւթ հանդիսացան Սայտայի մէջ եւ անոր շրջակայքը տիրող կացութիւնը, այդ շրջաններուն կարիքներն ու բարեկարգումի ծրագիրները:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Կարմիր խաչը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան նախագահ Անթուան Զըղպիի: Նախագահ Աուն մեկնարկը կատարեց Լիբանանեան կարմիր խաչի այս տարուան հանգանակութեան` կոչ ուղղելով բոլոր լիբանանցիներուն իրենց զօրակցութիւնն ու արժեւորումը արտայայտելու անոր նկատմամբ եւ ըլլալու նման 12 հազար կամաւորներուն, որոնք տիւ ու գիշեր լծուած են մարդոց ծառայութեան: Ան հաստատեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ Կարմիր խաչի կամաւորները ոչ մէկ խտրականութիւն կը դնեն մարդոց միջեւ` որեւէ բնագաւառի մէջ:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է իր լուման ներդրելով զօրակցի այս կազմակերպութեան, որպէսզի անոր միջոցով ծառայած ըլլայ նաեւ մարդկութեան եւ նման այն կամաւորներուն, որոնք իրենց արեան գնով իսկ կը հասնին բոլորին օգնութեան:

Նախորդը

«Սահմանափակ Եւ Միջին Եկամուտ Ունեցողներու Իրաւունքներուն Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Դպչինք» Կ՛ըսէ Նեպիհ Պըրրի

Յաջորդը

«Բոլորս Ալ Համաձայնած Ենք Ուժի Կիրարկման Կամ Կիրարկման Սպառնալիքի Բացառման, Տարածքային Ամբողջականութեան, Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Սկզբունքին Շուրջ» Կ՛ըսէ Քենթ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.