Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարաւային Լիբանան Մուտք Գործելու Մասին Մտածող Իսրայէլեան Վաշտերն Ու Զօրախումբերը Պիտի Քանդուին Ու Քայքայուին» Հաստատեց Սէյիտ Նասրալլա

May 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ նահատակ ղեկավարներու, յատկապէս Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ Հըզպալլայի ղեկավարներուն եւ նահատակ ազատամարտիկներուն յանձնառութեան ու պատասխանատուութեան ոգիին վրայ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է վճռակամութեամբ առաջնորդել պայքարը եւ կռուիլ ի խնդիր Լիբանանին:

Ան նշեց, որ Մուսթաֆա Պատրէտտին ազատամարտիկներու առաջին սերունդին մաս կը կազմէ` յայտնելով, որ այդ երիտասարդները իրենց կեանքը նուիրած են Հըզպալլային` ծառայելով անոր, ստանձնելով պատասխանատուութիւններ եւ ապա նահատակուելով ի խնդիր Դիմադրութեան յաղթանակին:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անոնք հաւատացած են յաղթանակին եւ յաղթանակ կերտելու իրենց կարողութեան: «Չեն յոգնած եւ կամքով ու կորովով պայքարած են թշնամիին դէմ` ու համեստ կարողութիւններով հանդերձ, յաղթանակներ կերտած», ընդգծեց Սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով կարգ մը եւրոպական եւ Ծոցի երկիրներուն կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ Լիբանանին պատերազմ կը սպառնայ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Կոլանը Իսրայէլի յանձնելը մտահոգիչ է` ընդգծելով, որ Մազարեհ Շեպաան լիբանանեան հող է:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ հարաւային Լիբանան մուտք գործելու մասին մտածող իսրայէլեան վաշտերն ու զօրախումբերը պիտի քանդուին ու քայքայուին` միջազգային պատկերասփիւռի կայաններու պաստառներուն դիմաց:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը բռնագրաւումի տակ պահելու ժամանակը արդէն իսկ վերջ գտած է եւ լիբանանեան գերիշխանութեան ոչ ոք կրնայ մօտենալ:

 

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ 2019-ի Պետական Ամավարկը Ամէնէն Արագ Կերպով Քննարկելու Եւ Վաւերացնելու

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Եգիպտացի Գործարարները Պատրաստ Են Լիբանանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Եգիպտոսի Վարչապետը

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.