Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին Զուգահեռ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Պիտի Կատարէ Իր Գործադուլը

April 17, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 17 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կը վերաբերի կառավարութեան վաւերացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին կապուած որոշ մանրամասնութիւններու, Սուրի եւ Պաթրունի մէջ տնտեսական շրջաններու ստեղծման, դրամատնային գաղտնապահութեան, ինչպէս նաեւ դրամի լուացումի օրէնքները բարեփոխումի ենթարկելու օրինագիծերուն:

Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին զուգահեռ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի կատարէ բաց եւ ամբողջական գործադուլ, որուն ենթադրաբար պիտի մասնակցին պետական հաստատութիւններու վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական դպրոցները:

Կը նախատեսուի, որ ժամը 11:00-ին  Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բազմամարդ նստացոյց մը կատարէ` պահպանելով մագլցողական քայլերու դիմելու իր իրաւունքը:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը յայտարարեց, որ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն ամսական աշխատավարձը կրճատելու հաւանականութիւնը բացայայտ փաստ մըն է ո՛չ միայն կառավարութեան, այլեւ` լիբանանեան պետութեան ձախողութեան:

Միւս կողմէ, հանգստեան կոչուած զինուորականները երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյցեր կատարեցին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ:

Անոնք հրկիզուած անիւներով փակեցին Շեքքայի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Ալէյի հրապարակէն ետք դէպի Պէյրութ տանող ճամբան, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Նաամէի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Տահր Պայտար-Շթորա միջազգային ճամբան, Քապ Էլիաս-Տահր Պայտար ճամբան, ինչպէս նաեւ Մերժահիունի ճամբան:

Ցուցարարները մերժեցին իրենց ամսաթոշակները կրճատել:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Մաքրոնին Եւ Կը Շեշտէ Դատական Իշխանութեան Գոյութիւնը

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Ուրուկուէյ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.