Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քարոզարշաւը Վանաձորի Մէջ

December 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ քարոզչական խումբը Վանաձոր կը գտնուէր: Մինչեւ քարոզարշաւի սկիզբը` դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին 7 դեկտեմբեր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու  յիշատակին:

«Տարիներ շարունակ ձեր կողքին եղած ենք, փորձած ենք առաւելագոյնս լսել ձեր մտահոգութիւնները, կարելիութեան պարագային լուծել զանոնք: Կրնայինք աւելին ընել, սակայն Ազգային ժողովին մէջ չենք ունեցած բաւարար աջակցութիւն: Եւ այսօր ձեզմէ կախեալ է, թէ մենք միասնաբար ի զօրու պիտի ըլլանք տէր կանգնելու ձեր եւ մեր մտահոգութիւններուն, աջակցիլ երկրի տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու լուծման: Կ՛ակնկալենք ձեր աջակցութիւնը: 9 դեկտեմբերին միասնաբար քուէարկեցէ՛ք ՀՅԴ-ի օգտին, եւ դուք կարելիութիւն պիտի ունենաք ազգային տագնապները լուծելու անվերապահ ընթացք, տէր ըլլալու Արցախի անվտանգութեան, ունենալու երկրի կայունութեան եւ երկրի տագնապները լուծելու բացառիկ կարելիութիւն», վանաձորցիներուն հետ հանդիպումին ըսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մարզային ընտրական գրասենեակի քարոզչական պատասխանատու Գնել Տիգրանեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հանդիպումի ընթացքին ներկայացուց կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պատճառները. «Բացի այն, որ մեր ծրագրային դրոյթներուն մէկ մասը ուրիշ ոչ մէկ կուսակցութիւն ունի, ուրիշ` իբրեւ  ընկերվարական միակ կուսակցութիւն: Բացի ատկէ, մենք միակ կուսակցութիւնն ենք, որ ունի 128 տարուան կեանք ու փորձ, իսկ վերջին 29 տարին` Արցախի եւ Հայաստանի մէջ գործած ենք ե՛ւ իբրեւ ընդդիմութիւն, ե՛ւ իբրեւ իշխանութիւն: Բացի ատկէ, մենք նաեւ միակ համահայկական կուսակցութիւնն ենք` իր նպատակներով եւ կառոյցով, կը գործենք աւելի քան 30 երկիրներու մէջ: Այս բոլորէն  բացի կան նաեւ այլ պատճառներ, որ ճիշդ կ՛ընէք քուէարկելով մեր օգտին»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանն ալ ըսաւ, որ 9 դեկտեմբերին պիտի ընտրենք ո՛չ միայն խորհրդարան, այլ նաեւ այն, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք. «Այսօր գոյութիւն ունին բազմաթիւ թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին խնդիրներ, որոնց լուծումը նաեւ կ՛ենթադրէ ներազգային միասնականութիւն, համերաշխութիւն, կառուցողականութիւն, ոչ թէ միանձնեայ իշխանութիւն, միանձնեայ խորհրդարան, միանձնեայ քաղաքական դաշտ: Կ՛ենթադրէ համախմբուածութիւն, որ պէտք է վերածել քաղաքական լուրջ գործօնի»:

ՀՅԴ պատգամաւորութեան թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեանն ալ խօսեցաւ իրենց խումբի կարելիութիւններուն մասին, որոնց շնորհիւ  կեանքի պիտի կոչեն շարք մը ծրագիրներ. «Այսօր մենք` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներս եկած ենք ձեզի ըսելու, որ այո՛, մենք համամիտ ենք, որ վաղուց արդէն ժամանակն է, որ հայ մարդը ապրի արժանապատիւ, ունենայ արժանապատիւ աշխատանք, աշխատավարձ, որ հայ թոշակառուն ստանայ արժանապատիւ թոշակ եւ ունենայ արժանապատիւ ծերութիւն: Մենք եկած ենք եւ կ՛ըսենք, որ վաղուց արդէն ժամանակն է հարթակներէն խօսիլ ոչ թէ պատերուն ծեփելու, այլ պատերը շաղախով ծեփելու մասին: Եւ մենք այդ ծրագիրները կ՛ուզենք յառաջ տանիլ: Մենք եկած ենք ձեզի ըսելու, որ վաղուց արդէն ժամանակն է ոչ թէ մարդոց ասֆալտին փռելու, այլ այնպիսի ծրագիրներ բերելու, որոնք ասֆալտ պիտի փռեն»:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները 2019-ի Սկիզբը Հանդիպում Ունենալու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Է

Յաջորդը

Յառաջիկայ Տարի Հայաստանը Կը Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.