Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 6 նոյեմբերին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Ուլրիք Թիտեսդրոմը (նստավայրը` Թիֆլիս), Ֆինլանտայի դեսպան Արիա Մաքքոնենը (նստավայրը` Հելսինքի) եւ Դանիոյ դեսպան Ռուպեն Մատսենը (նստավայրը` Քիեւ):
Ողջունելով հիւրերը` նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ շրջանի երկիրներուն հետ գործընկերային յարաբերութիւններուն` վերահաստատելով հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը գործնական քայլեր ձեռնարկելու Շուէտի, Ֆինլանտայի եւ Դանիոյ հետ համագործակցութեան առկայ ներուժը աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու ուղղութեամբ` յատկապէս Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով ընձեռուած կարելիութիւններու շրջագիծին մէջ:
Իբրեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առաջնային ուղղութիւններ` կողմերը ընդգծեցին յատկապէս նորարարութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ ստեղծագործ կրթութեան մարզերը:
Անդրադառնալով Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն` Զոհրապ Մնացականեան ընդգծեց կառավարութեան յանձնառութիւնը` շարունակել բարեփոխումներու հոլովոյթը` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, արդարադատութեան համակարգի ամրապնդման, ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ իրաւահաւասարութեան երաշխաւորման: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց արտահերթ ընտրութիւնները միջազգային չափանիշներու համապատասխան կազմակերպելու նպատակով Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերը` այս հոլովոյթին մէջ կարեւոր նկատելով գործընկեր երկիրներու աջակցութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ դեսպանները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներուն, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ:
Զոհրապ Մնացականեան ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` վերահաստատելով հայկական կողմի յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման:



