Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցակով քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան այցելած է «Վերնիսաժ»` քննարկելու թէ՛ տեղւոյն վրայ առկայ, եւ թէ՛ Երեւանի` մարդիկը յուզող խնդիրները:
Մանուկեանի համաձայն, երեւանցիներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին քաղաքացիները հիմնականին մէջ կը բարձրաձայնեն հրատապ խնդիրներու մասին` աղբահանութիւն, կանաչապատում, երթեւեկութիւն, բնակարանաշինութիւն: Ըստ անոր, շատ կարեւոր է ընտրութիւններէն ետք բոլորին ծրագիրները համադրելը: «Ես, օրինակ, Նուպարաշէն վարչական շրջանին մէջ տուն մը տեսայ, եւ երբեք չէի պատկերացներ, որ կարելի է նման տուն գոյութիւն ունենայ 21-րդ դարուն: Անիկա ամբողջութեամբ փայտէ կառուցուած էր: Տունը այն վիճակին մէջ է, որ քիչ մը յարաբերական է ըսել` այնտեղ ապրողները տուն ունի՞ն, թէ՞ ոչ: Անկախ անկէ, թէ քաղաքապետ կ՛ընտրուի՞մ, թէ՞ ոչ, գոնէ մեր առաջարկը պիտի ներկայացնենք քաղաքապետարանին, որ այս խնդիրը լուծուի», ըսաւ քաղաքապետի թեկնածուն:
Երեւանի քաղաքապետարանը, Մանուկեանի գնահատումով, արդէն ինչ-ինչ խնդիրներ լուծած է, օրինակ` բաւական միջոցներ գործադրած է` փորձելով լուծել երթեւեկութեան խնդիրը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ ՀՅԴ-ն, որ միւս կուսակցութիւնները չունին իրենց ծրագիրին մէջ, ան ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ, քաղաքապետական ոստիկանութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւն իրենք կը տեսնեն եւ կը ծրագրեն: «Քաղաքապետական ոստիկանութիւնը պէտք է զբաղի համայնքի գոյքի պահպանութեամբ, մեր քաղաքացիներու անվտանգութեամբ, պէտք է ըլլայ քաղաքացիի կողքին գործող ոստիկանութիւն: Բացի ատկէ, մենք մեր ծրագիրին մէջ ունինք համահայկական մայրաքաղաքի դրոյթը, ըստ որուն` հայութեան ներուժը պէտք է օգտագործել յանուն Երեւանի», նշեց Մանուկեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ յաղթելու իր առիթները, ան ըսաւ` բարձր, քանի որ ՀՅԴ-ն պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւն է եւ միշտ ժողովուրդի կողքին եղած է: «Մենք 128 տարուան պատմութիւն ունինք, եւ չկայ գործ մը, որուն համար մեր գլուխները կախենք», աւելցուց թեկնածուն: Մանուկեանի կարծիքով` այսօր երեւանցին, առհասարակ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, շատ բարձր ինքնագիտակցութիւն ունի եւ կը հաւատայ, որ պէտք է ինք որոշէ իր եւ երկրին ապագան:



