Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Մեր Պետական, Ազգային Արժեհամակարգին Որոշակի Հարուածներ Կ՛ուղղուին»

July 30, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնաթող նախագահները եւ տարբեր քաղաքական դէմքեր, որոնք ժամանակին կրած են որոշակի պատասխանատուութիւն, մեղադրեալի աթոռին նստեցնելը կրնայ մեր համազգային նպատակներուն, որդեգրած քաղաքականութեան մէջ լուրջ ճեղքեր յառաջացնել: Այս մասին «Երկիր Մետիա»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին,  անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններուն, յատկապէս` Հայաստանի 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալութեան, ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Ան նշեց, որ այսպիսով մեր պետական, ազգային արժեհամակարգին որոշակի հարուածներ կ՛ուղղուին. «Կատարուող իրադարձութիւնները տեղիք կու տան որոշակի մտահոգութիւններու, որոնք կը բխին այսօրուան մեր կարգավիճակէն եւ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն, որոնց կիզակէտն է Արցախը: Այն, ինչ որ տեղի  կ՛ունենայ իրաւական հարթութեան մէջ, անոր գծով մենք չենք կրնար որոշակի գնահատական տալ, բայց մենք ունինք մեր քաղաքական մօտեցումները եւ գնահատականները, զորս պարտաւոր ենք այդ մասին երբեմն բարձրաձայնել»:

Անդրադառնալով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան` ան նշեց, որ անիկա տեղին է ոչ թէ զուտ անձին պաշտպանելու, այլ ընդհանրապէս զարգացումներու եւ մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման միտուած մտահոգութիւններով:

«Այդ մտահոգութիւնները մեզի ուղղակիօրէն կը բերեն ղարաբաղեան դաշտ, Ղարաբաղի տագնապ, եւ նկատի առնելով մեր անցած 25-30  տարիներու ազգային պայքարի պատմութիւնը, որոշակի մտահոգութիւններու տեղիք կու տան: Պէտք չէ տարանջատել ներկայ  իրողութիւնները մեր ոչ վաղ անցեալի իրողութիւններէն: Իրաւական դաշտին մէջ կը յայտնուին անձեր, անհատներ, որոնք ուղղակիօրէն փոխկապակցուած են մեր ազգային- ազատագրական պայքարին հետ եւ կը կրեն որոշակի պատասխանատուութիւն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

 

 

Նախորդը

Արցախի Խորհրդարանական Ուժերու Ներկայացուցիչները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Ռոպերթ Քոչարեանի Կալանաւորման Վերաբերեալ

Յաջորդը

Համբարձումեան. «Սահմանադրական Կարգի Տապալման Մասին Խօսիլը Բոլորովին Այլ Տեղ Կը Տանի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանի Ազդեցութիւնը Ամերիկեան Ընտրութիւններուն Վրայ

November 5, 2026
Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.