Վերջերս սուրիահայ գաղութի զանազան շրջաններուն մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ, ականատեսը կը դառնանք կազմակերպուող ազգային, միութենական, կրթական, նոյնիսկ պետական ձեռնարկներուն սուրիահայ երիտասարդութեան ոչ միայն աշխուժ մասնակցութեան, այլեւ` նախաձեռնող ոգիին:
Սուրիական տագնապի համեմատական մեղմացումով, վերաշխուժացած են մեր միութիւններն ու ազգային կառոյցները, ու այդ աշխուժ գործունէութեան մէջ նկատելի է երիտասարդ տարրին մասնակցութիւնը:
Սա կը նշանակէ, որ գաղութի հոգեւոր վերականգնումին ատաղձը գոյութիւն ունի, կը մնայ շեշտը դնել մասնագիտական որակի ապահովման վրայ:
Մեր ինքնութեան պայքարին նոր թափ ու որակ տալու համար անհրաժեշտ է աշխատանքի լծուիլ ու մեր դպրոցներու, միութիւններու ուսուցման, դաստիարակութեան եւ վարչական կառավարման ամբողջական համակարգը վերանայումի ենթարկել:
Այս համակարգի խորքային ու լիարժէք արդիականացումով կարելի պիտի ըլլայ պահպանել ու զարգացնել մեր ազգային արժէքները, նոր շունչ եւ մարդուժի նոր ու ապագայակերտ որակ պատրաստել:
Բնականաբար այստեղ պիտի յառաջանան նիւթական միջոցներու եւ մասնագէտներու ապահովման դժուարութիւններ: Այս դժուարութիւնները, սակայն, յաղթահարելի են: Այստեղ էականը նախաձեռնութեան ոգի ունենալն է: Կարելի է մեր նիւթական միջոցները, գէթ` այս շրջանին, ուղղել այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին` խնայելով որոշ ծախսեր կամ որոնելով նիւթական աղբիւրներ: Մասնագէտներու ապահովման դժուարութիւն ալ չունինք: Ունինք տեղացի, սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորականներ, որոնց փորձառութիւնը ի սպաս կարելի է դնել այս աշխատանքին, անոնց անմիջական ներկայութեան կամ որոշ պարագաներու առցանց մասնակցութեան ճամբով:
Երիտասարդ մեր տարրը թերագնահատելով, նսեմացնելով` դրական ոչ մէկ արդիւնքի կրնանք հասնիլ: Անհրաժեշտ է փոխադարձ յարգանքով փորձառութիւններու օգտագործումով նպաստել երիտասարդութեան վերաորակաւորումի աշխատանքին:
Սրընթաց զարգացում ապրող մեր օրերուն սիրողական մակարդակի աշխատանքը չի նպաստեր այլեւս տուեալ միութեան, վարժարանին, ակումբին, մամուլին կամ հաստատութեան բարելաւումին:
Իսկ մասնագիտացման ազդակները դիւրաւ հասանելի են մեր օրերուն: Ապարդիւն է հնամաշ միջոցներ օգտագործելով` դրական արդիւնք ակնկալել ու արդիւնք չստանալով` այպանել երիտասարդութիւնը:
Դրական նման տեղաշարժի համար, սակայն, անհրաժեշտ է նոր միտք ու եռանդ ունեցող վարչական պատասխանատուներու ներգրաւումը: Առանց այդ մղիչ ուժին, ծրագիրները կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, կամ փայլուն տեղեկագիրներու ծրարներուն մէջ կ՛ամլանան` ի յառաջագունէ ձախողութեան դատապարտուելով:
Կը հաւատանք, որ ունինք այս աշխատանքի էական նախանիւթը, որով կրնանք դիմակալել այս խիստ կարեւոր մարտահրաւէրը` վերանայման ենթարկելով եւ արդիականացնելով մեր միութենական, ուսումնական, կրթական կեանքի ողջ համակարգը:
«Գ.»



