Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

February 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանական նախընտրական քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը շարունակուեցան երէկ ու կարգ մը կողմեր նոր ընտրացանկեր ներկայացուցին: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, ցարդ ընդամէնը 74 թեկնածուներու անուններ կրող տարբեր ընտրացանկեր ներկայացուած են:

Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանքի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ նախանցեալ գիշերուան հանդիպումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւս: Ըստ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանին, մօտալուտ հանդիպում մը պիտի կայանայ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի պատկան ներկայացուցիչներուն եւ ընտրական մասնագէտներուն միջեւ` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի:

Ըստ նոյն աղբիւրին, Սայտայի եւ Ժեզզինի ընտրական պատկերին գծով կայացած նախորդ հանդիպումին կողքին յառաջիկայ խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան իւրաքանչիւր շրջանի վրայ անջատաբար, թէեւ ցարդ յստակ պատկերացում կարելի չէ ներկայացնել կողմերուն միջեւ ընտրական ռազմավարութեան գծով:

Նոյն ծիրին մէջ եւ դարձեալ ըստ «Էմ.Թի.Վի.»-ի կը նախատեսուի, որ այսօր` չորեքշաբթի երեկոյեան ընտրական «կարեւոր» հանդիպում-ժողով մը կայանայ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի տան մէջ, Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ` ներկայութեամբ Շանթալ Սարգիսի (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն) եւ Նեսիպ Հաթեմի (Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն):

Այլ գետնի վրայ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` անդամակցութեամբ Հատի Ապու Հասնի եւ Հիշամ Նասրէտտինի, այսօր հանդիպում պիտի ունենան Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը պիտի կազմեն Շուֆ-Ալէյ շրջաններու թեկնածուներուն գծով  ընտրական բանակցութիւններու կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ,  Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական դիւանը երէկ որոշեց ներկայացնել հետեւեալ թեկնածուներու ընտրացանկը.-

– Միրա Ուաքիմ, յոյն կաթողիկէ աթոռին, Զահրանիի մէջ:
– Ժոզեֆ Նահրա, մարոնի աթոռին, Ժեզզինի մէջ:
– Ռեմոն Նամմուր, յոյն կաթողիկէ աթոռին, Ժեզզինի մէջ:
– Էլի Մարունի, մարոնի աթոռին, Զահլէի մէջ:
– Շարլ Սէպա, ուղղափառ աթոռին, Զահլէի մէջ:
– Շաքեր Սալամէ, մարոնի աթոռին, Քեսրուանի մէջ:

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Պատասխան Միջոցներու Պիտի Ձեռնարկէ, Եթէ Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Վերաբերին Միութեան Առեւտուրին» Կ՛ըսէ Սհինաս

Յաջորդը

Իշխանութեան Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Դիմակալելու Համար Ներքին Թէ Արտաքին Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.