Երէկ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Այս մասին Փարիզի քաղաքապետը յայտնած է իր պլոկին մէջ:
«Ինծի համար պատիւ է քաղաքապետարանին մէջ ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը», գրած է ան:
Անն Իտալկոն դրուատանքով խօսած է Փարիզի հայկական համայնքին մասին` ընդգծելով, որ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած են եւ զգալի ներդրում ունին քաղաքի զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ հասարակական, քաղաքական կեանքին մէջ: Փարիզի քաղաքապետը հիացմունքով արտայայտուած է նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մասին` նախագահին տեղեկացնելով, որ կը նախատեսեն ընթացիկ տարուան մէջ հայկական նախագիծ հանդիսացող «ԹՈՒՄՕ»-ի օրինակով կեդրոն ստեղծել Փարիզի մէջ, որ պիտի դառնայ երկկողմանի բարեկամութեան կամուրջ մը եւս:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, հանդիպումին պատեհ առիթով, քաղաքապետ Անն Իտալկոն հրաւիրած է մասնակցելու մայրաքաղաք Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Փարիզի քաղաքապետը շնորհակալութեամբ եւ սիրով ընդունած է հրաւէրը: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ ժողովուրդ է եւ ջերմութեամբ իր պատմութեան էջերուն մէջ կը պահէ այն անունները, որոնք հաղորդակից են իր խնդիրներուն: Այս շրջագիծին մէջ նախագահը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Անն Իտալկոյին հայերը յուզող խնդիրներուն եւ փարիզաբնակ հայերուն հանդէպ անոր կողմէ միշտ ցուցաբերուող ուշադրութեան եւ զգայունութեան համար:
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման եւ Հայաստանի մէջ իրականացուելիք բարեփոխումներուն:
Նշենք, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ կը գտնուի: Հայաստանի նախագահը այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ միացեալ մամլոյ ասուլիս:
24 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահը պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի պատասխանէ խորհրդարանականները հետաքրքրող հարցումներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) նախագահ Կիտօ Ռայմոնտիի, «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի եւ ԵԽԽՎ-ի նորընտիր նախագահին հետ:



