Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ իրենք տեղեկացուած էին այս առաջարկին մասին, եւ այդ առումով եղած են նախնական քննարկումներ:
«Մենք ի սկզբանէ նկատի ունեցած ենք, հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ, հասնիլ մինչեւ ընդհանուր թիւի մեծամասնութեամբ ընտրուած նախագահին, եւ նոյնիսկ կրնայ ատիկա տեղի չունենալ եւ նոր ընտրութիւն պահանջուի: Բայց կը կարծեմ, որ անհրաժեշտութիւն կայ, որ նախագահը ընտրուի կարելիին չափ լայն համաձայնութեան պայմաններու մէջ», ըսաւ Ռուստամեան եւ նշեց, թէ ողջունելի է, որ թեկնածուն ինք որոշած է, որ հանդիպի ո՛չ միայն քաղաքական ուժերու, այլ նաեւ արտախորհրդարանական ուժերուն, հասարակական մարզին: Իրենք ալ իրենց վերջնական որոշումը պիտի տան, երբ հանդիպին, պիտի լսեն թեկնածուին մօտեցումները, տեսակէտները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վերջնական չէ՞ իրենց որոշումը, կրնա՞յ նախնականէն տարբերիլ, եւ չպաշտպանեն ՀՀԿ թեկնածու Արմէն Սարգսեանին: Ռուստամեան ըսաւ. «Բնականաբար Արմէն Սարգսեան ալ շատ լաւ կը հասկնայ, որ վերջնական որոշումը այսօր կայացնելը ճիշդ չէ, եւ հրապարակային ու բազմակողմանի հանդիպումներու այդ հոլովոյթը կ՛ողջունենք: Եւ մենք ալ վերջնական որոշում պէտք է տանք», ըսաւ ան:
Այն դիտարկման, թէ կրնա՞յ որոշումը տարբեր ըլլալ, Ռուստամեան ըսաւ, որ կրնայ հանդիպումներու ընթացքին այնպէս մը ըլլալ, որ ինք` Արմէն Սարգսեանը չուզէ, իսկ իրենք հանդիպումներու լոյսին տակ որոշում պիտի տան:
Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ այլ թեկնածուներու անուններ ալ քննարկա՞ծ են, Ռուստամեան ըսաւ, որ բազմաթիւ անուններ քննարկած են, բայց ամէնէն նախընտրելին եղած չափանիշներով Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնն է, եւ իրենք համաձայնած են, որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրուի:
Լրագրողները հարց տուին, թէ առաջին փուլով ընտրուելու համար 3/4 ձայն ապահովելը պայման է, այսինքն` «Ծառուկեան» խմբակցութեան աջակցութիւնը: «Ես յոյսով եմ, որ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը կ՛աջակցի. այս պատճառով մենք նկատի ունինք այս հանդիպումներուն կարեւորութիւնը», ըսաւ Ռուստամեան:
«Հայկական Ժամանակ»-ի լրագրողին հարցումին, թէ երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ըսէր, որ նախագահի թեկնածուն պէտք է հեղինակութիւն վայելէ ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի մէջ, սակայն մամուլի արխիւներէն տեղեկութիւններ հանեցին, որ Արմէն Սարգսեան Վազգէն Սարգսեանի հետ տարակարծութիւններ ունեցած է, նոյնիսկ ստած է Վազգէն Սարգսեանին, այս պատմութենէն ետք ան հեղինակութիւն կը վայելէ՞ հանրութեան մէջ, ՀՅԴ-ի պատգամաւորը ըսաւ. «Ես կը կարծեմ, որ լաւ ըրած են մամուլէն հանելով այդ տեղեկութիւնները, որովհետեւ այդպիսի բան մեզի յայտնի չէ, որ ստած է, դեռ չսկսած արդէն սկսած են վարկաբեկել, ատիկա լաւ չէ: Իրերը իրենց անուններով պէտք է կոչել: Այո՛, ան եղած է վարչապետ, եւ աշխատած է իր պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն գիտակցելով: Եւ այդ փուլին գիտենք ինչ ծանր վիճակ էր Հայաստանի համար, ըստ էութեան Արմէն Սարգսեան իր ջանքերը կը գործադրէր, որպէսզի կարենար ներհասարակական համերաշխութիւնը յառաջացնել: Բայց մնացած վարկաբեկիչ գնահատականները, ես կը կարծեմ, թող մնան անոնց խղճին, որոնք կը փորձեն այդպիսի բան ընել», ըսած է Ռուստամեան:



