Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարներ Վիգէն Սարգսեանն Ու Լեւոն Մնացականեանը Այցելած Են Զինուորական Յենակէտեր

July 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող  համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրին մէջ 15-էն 17 յուլիսին  աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ կը գտնուէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ այցելութեան առաջին օրը նախարար Վիգէն Սարգսեան Արցախի իր պաշտօնակից Լեւոն Մնացականեանի ընկերակցութեամբ այցելած է հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերէն մէկը, տեղւոյն վրայ ծանօթացած իրադրութեան, դիրքապահներու ընկերային, կենցաղային պայմաններուն:

Յաջորդ օրը պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան մէջ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմին, անոր բաժանմունքներու եւ ծառայութիւններու պետերուն մասնակցութեամբ հրաւիրուած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին պաշտպանութեան բանակի  հրամանատարը համապարփակ զեկուցումով ներկայացուցած է ընթացիկ տարուան ձեռքբերումները, իրականացուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ գտնուող աշխատանքները:

Եռօրեայ այցելութեան վերջին օրը հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները այցելած են հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքեր, ծանօթացած թշնամիին հաւանական ոտնձգութիւններուն աւելի նպատակային հակազդելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հանդիպումներ ունեցած հրամանատարական կազմին եւ ժամկէտային զինուորական ծառայողներու հետ:

Արցախ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Վիգէն Սարգսեան ունեցած է նաեւ շարք մը անհատական հանդիպումներ, այցելած է Հատրութի մէջ կազմակերպուած համահայկական ուսանողական ճամբար եւ պատասխանած ճամբարականներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայ-Հնդկական Յարաբերութիւններու Ներուժը Տակաւին Չենք Կրցած Լաւագոյնս Օգտագործել»

Յաջորդը

Արցախի Խորհրդարանը Կը Պատրաստուի Յատուկ Նիստի. Պիտի Ընտրուի Հանրապետութեան Նախագահ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.