Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալի Պատմութիւնը Սառոյցին Մէջ

July 1, 2017
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս տաք օրերուն ահաւասիկ զովացուցիչ նիւթ մը: Գիտնականներ հանած են սառոյցի կտոր մը 6300 մեթր բարձունքի վրայ: Անոնք այս սառոյցի կտորը պիտի ուսումնասիրեն ծանօթանալու համար մեր մոլորակին անցեալին:

Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն նաեւ սառոյցը: Ան մեզի շատ բաներ կը պատմէ անցեալին մասին: Անոր շնորհիւ մենք կրնանք 800 հազար տարի դէպի անցեալ երթալ: Բաւականաչափ փորելով մենք կրնանք հասնիլ սառոյցի խաւի մը, որ կազմուած է հարիւր հազարաւոր տարիներ առաջ: Զայն  ուսումնասիրելով, կարելի է ստանալ տեղեկութիւններ այդ ժամանակաշրջանին մեր մոլորակին վիճակին մասին:

Այս ձեւով Պոլիվիոյ մէջ գիտնականներ հանած են սառոյցի երկու գլանաձեւ կտորներ 6500 մեթր բարձրութեան վրայ: Անոնք աշխատած են Լա Փազ քաղաքին բարձունքներուն վրայ գտնուող Իլիմանի սառոյցով ծածկուած գագաթին վրայ:

Պոլիվիական սառոյցը կարենալ փորելու համար, հակառակ բարձունքին եւ շատ ծանր կլիմայական պայմաններուն, տարբեր երկիրներէ 15 գիտնականներէ խումբ մը աշխատած է մայիսէն մինչեւ յունիսի կէսերը` մօտաւորապէս 30 օգնականներու ընկերակցութեամբ: Անոնք հիմնական բանակավայր մը հաստատած են 4500 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ապա շարունակած դէպի գագաթ իրենց արշաւանքը` շալկելով 75 յատուկ պաղութիւնը պահող սնտուկներով: Երբ անոնք հասած են գագաթ, սպասած են, որ օդը հանդարտի, որպէսզի կարելի ըլլայ իրենց գործիքները եւ մեքենաները աշխատցնել: Այս ձեւով, անոնք կրցած են հանել գլանաձեւ երկու կտորներ, մէկը 137 մեթր երկար, իսկ միւսը` 134 մեթր:

Իլիմանիի սառոյցին մէջ պահուած են 18 հազար տարիներու կլիմայական «արխիւներ»: Սառոյցի այս տարբեր խաւերը ուսումնասիրելով է, որ գիտնականները կրնան տեղեկութիւն ունենալ Ալթիփլանոյի շրջանէն մինչեւ Ամազոնի այդ ժամանակաշրջանը, տիրած կլիմային զարգացման մասին:

Գիտնականները նախընտրած են աշխատիլ Իլիմանիի սառոյցին վրայ, որովհետեւ անոր կը սպառնան թէ՛ կլիմային տաքութիւնը, թէ՛ ալ մօտերը գտնուող հանքային հաստատութիւններուն գործունէութիւնը: Ապրիլին Իլիմանիի շրջակայքը ապրող հազարաւոր բնիկներ ցոյցեր կատարած էին Լա Փազի կեդրոնը` այս սառոյցի պահպանման համար միջոցներու ձեռնարկելու: Անոնք պոլիվիական պետութենէն յատկապէս կը պահանջէին օրէնքի մը ստեղծումը` սառոյցը իբրեւ բնական ժառանգութիւն յայտարարելու, խուսափելու համար միջավայրը ապականող որեւէ մէկ շահագործումէ:

Սառի այս նմուշները պիտի ծառայեն իբրեւ վկայութիւն ապագայ սերունդներուն, Անթարքթիքի մէջ առաջին միջազգային սառոյցի նմուշներու «արխիւներուն» մասին: Այս վայրին մէջ սառոյցի գլանները պիտի զետեղուին ձիւնին մէջ փորուած քարայրի մը մէջ -54 աստիճանի տակ:

 

Աշխարհի Մրցանիշները

– Վէնէզուելայի Անխէլ ջրվէժները աշխարհի ամէնէն բարձր ջրվէժներն են: Անոնք կը թափին 979 մեթր բարձունքէն:

– Աշխարհի ամէնէն երկար գետը Եգիպտոսի մէջ գտնուող Նեղոս գետն է: Անոր երկայնքը 6,670 քմ է:

– Ռուսիոյ մէջ Պայքալ լիճը աշխարհի ամէնէն հին եւ ամէնէն խորունկ լիճն է: Ան կազմուած է մօտաւորապէս 25 միլիոն տարիներ առաջ: Անոր ամէնէն խորունկ կէտը կը գտնուի մակերեսէն 1,565 մեթր խորութեան վրայ:

– Աշխարհի անուշ ջուրի ամէնէն մեծ լիճը Սուփիրիըր լիճն է, որ մաս կը կազմէ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ լիճերուն: Սակայն Պայքալ լիճը ամէնէն շատ ջուր պարունակող լիճն է, անոր ջուրին քանակը շատ աւելի է, քան մեծ լիճերու բոլոր ջուրերը միասին:

– Աշխարհի ամէնէն տաք վայրը Լիպիոյ մէջ Ալ Ազիզիյեան է. հոն արձանագրուած է 58 աստիճան տաքութիւն:

– Աշխարհի ամէնէն պաղ վայրը Անթարքթիքի մէջ Վոսթոք քաղաքն է: Հոն ջերմաստիճանը հասած է -89 աստիճանի:

– Աշխարհի այս շրջանը, ուր ամէնէն շատ կ՛անձրեւէ, Քոլոմպիոյ մէջ Թութունէնտօ շրջանն է. հոն տարեկան միջին հաշուով 11,77 մեթր անձրեւ կու գայ:

– Հաուայի Քաուայ կղզիին վրայ է, որ ամէնէն շատ կ՛անձրեւէ, տարեկան 350 օր:

– Չիլիի մէջ Աթաքամա անապատը աշխարհի ամէնէն չոր շրջանն է: Հոն չէ անձրեւած 400 տարիներէ ի վեր:

– Միացեալ Նահանգներու Նիւ Համշիրի մէջ Ուաշինկթըն լերան գագաթին է, որ ամէնէն շատ հով կը փչէ, հոն հովերուն արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական 371 քմի:

– Ֆիլիփիններու մէջ մարիաններու փոսը ովկիանոսներու մէջ ամէնէն խորունկ վայրն է: Անոր խորութիւնը 11.035 մեթր է:

– Աշխարհի ամէնէն գործօն հրաբուխը Էքուատորի մէջ Սանկէյ հրաբուխն է: 1937-էն ի վեր, միջին հաշուով ամէն 24 ժամը անգամ մը ժայթքում մը տեղի կ՛ունենայ: Պատահած է նաեւ, որ օրուան մը ընթացքին մինչեւ 400 ժայթքումներ արձանագրուի:

 

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

– Աշխարհի ամէնէն մեծ հրաբուխները, որոնք անգլիական կղզիներուն չափ են, կը գտնուին Ճափոնի արեւելքը` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:

– Աւստրալիոյ արեւմուտքը գտնուող բազմաթիւ լիճեր ունի ծամոնի վարդագոյն գոյնով ջուրեր:

– Սահարայի անապատին մէջ տակաւին գոյութիւն ունին երկու լիճեր, որոնց ջուրերը կը հաւաքուին ստորերկրեայ աղբիւրներէ:

– Պամպուի եղէգները կրնայ 3 սմ աճիլ մէկ ժամէն:

– Կրինլանտի եւ Անթարքթիքի սառոյցի խաւերուն մէջ պահուած փոշիները եւ օդի պղպջակները կը պարունակեն երկրագունդի կլիմային մասին հարիւր հազարաւոր տարիներու տեղեկութիւններ:

– Ալփեան լեռնաշղթան կ՛անցնի եւրոպական 11 երկիրներէ:

– Բեւեռներու շրջանին մէջ գտնուած սառոյցի մեծ կոյտերուն մէջ կը գտնուի աշխարհի անուշ ջուրի մօտաւորապէս 75 առ հարիւրը:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ կենդանի էակը կ՛ենթադրուի, որ Օրէկանի, Միացեալ Նահանգներ, Մալըր ազգային անտառին մէջ գտնուող ընդարձակ սունկը ըլլայ: Ան կը ծածկէ 965 հեքթար տարածք մը:

– Աշխարհի ամէնէն մշուշոտ շրջանը Նիւ Ֆաունտլէնտի Կրէնտ Պանքսի վայրն է, ուր ովկիանոսի տաք եւ պաղ ջուրերը իրարու կը զարնուին:

– Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունին ամէնէն շատ թիւով անտառները:

– Ատլանտեան ովկիանոսը ամէն տարի 2,5 սմ կը մեծնայ:

– Աշխարհի միջատներու ամէնէն երկար գաղթը տեղի կ՛ունենայ Հնդկաց ովկիանոսի վրայէն, շերեփագիները կը թռչին Հնդկաստանէն մինչեւ Ափրիկէ` կտրելով 7.001 քմ:

– Միլիոնաւոր Մոնարք թիթեռնիկներ իրենց ձմեռը կ՛անցընեն ծառերուն կառչած, այդ ալ Մեքսիքայի լեռներուն միայն յատուկ 12 շրջաններու մէջ:

– Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 400 հազար ծաղիկ տուող բոյսեր:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկներու պարտէզը կը գտնուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Տուպայի Միրիքըլ Կարտընին մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 45 միլիոն ծաղիկներ:

– Գիտնականները գտած են լուսարձակ սունկերու 71 տեսակներ:

– Շերեփագիները ամէնէն արագ թռչող միջատներն են: Անոնք կրնան թռչիլ ժամական 56 քմ արագութեամբ:

– Աշխարհի վրայ առաջին անտառները սկսած են բուսնիլ մօտաւորապէս 385 միլիոն տարիներ առաջ:

– Հարաւային Ափրիկէի մէջ գտնուող պաօպապ ծառերը կրնան ապրիլ մինչեւ 2000 տարի: Անոնցմէ ամէնէն հին ծառերէն մէկուն հասակը կը հասնի եօթը յարկանի շէնքի մը հասակին:

– Աշխարհի ամէնէն հին անապատը Նամիպիոյ անապատն է: Ան չոր եղած է 55 միլիոն տարիներէ ի վեր:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:

 

Կէտերը իրարու միացուր` 1-49, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1967)

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.