Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍՈՒՏԱՆ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԼԵԶՈՒՆ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԷ

October 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարաւային Սուտանի ղեկավարները կը կարծեն, որ անգլերէնը զիրենք «տարբեր եւ ժամանակակից» պիտի դարձնէ

Հարաւային Սուտանի երիտասարդ պետութիւնը անգլերէնը ընտրեց իբրեւ իր պաշտօնական լեզուն, սակայն տասնամեակներ տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք անգլերէնի համատարած ուսուցումը մեծ մարտահրաւէր է երկրի մը համար, որ հասակ առած է տեսակ մը արաբերէն խօսելով:

Ես գիտէի, որ կրնան խնդիրներ ըլլալ, երբ ժամանեցի Ժուպայի միջազգային օդակայանը եւ ինձմէ պահանջուեցաւ մուտքի արտօնագիրի իմ դիմումս անձամբ գրել, որովհետեւ պաշտօնեան չէր գիտեր անգլերէն գրել:

Գունագեղ պաստառներն ու վահանակները, որոնք կը նշեն Հարաւային Սուտանի անկախութիւնը (յուլիսին), բոլորն ալ անգլերէնով են, նոյնպէս` նոր պանդոկներու, վաճառատուներու եւ ճաշարաններու անունները:

Խարթումի կառավարութեան կողմէ, տասնամեակներու արաբականացումէն եւ իսլամականացումէն ետք, հիմնականին մէջ քրիստոնեայ եւ ափրիկեան հարաւը ընտրած է անգլերէնը իբրեւ իր պաշտօնական լեզուն:

«ՄԷԿ ԱԶԳ»

Բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան մէջ Էտուարտ Մոքոլէ ինծի ըսաւ.

«Անգլերէնը մեզ տարբեր եւ ժամանակակից կը դարձնէ: Այսուհետեւ մեր բոլոր օրէնքները, դասագիրքերը եւ պաշտօնական փաստաթուղթերը պէտք է անգլերէն գրուին: Վարժարանները, ոստիկանութիւնը, առեւտուրն ու լրատու միջոցները պէտք է անգլերէնով գործեն»:

Հարաւային Սուտանի կրթական համակարգը շատ սահմանափակ աղբիւրներ ունի եւ ժողովուրդին մեծ մասը անգրագէտ է:

Ասիկա «Հարաւային Սուտանի համար լաւ որոշում մըն է», հաստատօրէն աւելցուց Մօքոլէ` նսեմացնելով այն իրողութիւնը, որ երկրին մէջ սահուն անգլերէն խօսողներուն թիւը շատ քիչ է:

Իբրեւ երկիր մը, որ աւերակուած է, որուն մեծ մասը հեռաւոր գիւղերէ կը բաղկանայ, ճամբաներուն մեծամասնութիւնը հող է եւ ոչ կուպրապատ, նոյնիսկ հարթուած չէ, առանց արդիւնաբերութեան, դրամատուներու, ելեկտրականութեան կանոնաւոր հոսանքի, հաղորդակցութեան միջոցներու, ուր ժողովուրդին 85 առ հարիւրը անգրագէտ է եւ կրթական համակարգը` կործանած, Հարաւային Սուտան ոչ միայն շատ քիչ անգլերէն ունի, այլեւ` գրաւոր լեզու:

Ես դպրոցներ այցելեցի, ուր դասագիրքեր չկային:

Ժուպայի համալսարանի անգլերէնի պատասխանատուն իր գրասենեակին մէջ գիրքեր չունէր, ալ ո՛ւր մնաց` ելեկտրականութեան հոսանք կամ համակարգիչ մը:

Ես գրախանութներ չտեսայ:

Նոր իշխանաւորներուն համար, որոնք կռուած են Սուտանի ազատագրութեան ժողովրդական բանակին հետ, անգլերէն սորվիլը նոր պայքար մըն է:

«Անգլերէնի որդեգրումով մենք կրնա՛նք մէկ ազգ դառնալ: Մենք կրնանք հարթել մեր ցեղային տարբերութիւնները, տարակարծութիւնները եւ աշխարհին հետ հաղորդակցիլ», ըսաւ Հարաւային Սուտանի ձայնասփիւռքի լուրերու հաղորդումի տնօրէն Ռեհան Ապտելնեպի:

«ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԻՔ»

Բայց խաղաղութիւնը տակաւին փխրուն է:

Ամբողջ Սուտան թնճուկի վերածուած է հակամարտութիւններով: Շուրջ 150 տարբեր լեզուներ կը խօսուին հարաւի մէջ եւ այդ շրջանին մէջ հազարաւոր զէնքեր կան, ինչպէս նաեւ` քառորդ միլիոն նախկին մարտիկներ, որոնք զինաթափ եղած եւ զինեալ խմբաւորումներէն արձակուած ու քաղաքային կեանք ուղարկուած են:

Ժուպայի մէջ ամէն տեղ զինուորներ կան:

Բայց նաեւ առեւտրականներ կան Ուկանտայէն եւ Քենիայէն, կան նաեւ հիւսիսէն շուրջ 2 միլիոն վերադարձածներ, գաղթականներ եւ հազարաւոր արեւմուտքցիներ, որոնք հարստութիւն կը փնտռեն կամ օժանդակութիւն կը բերեն:

Ես տեսակցեցայ «Բրիտանական (մշակութային Ա.) խորհուրդի կեդրոնատեղիի տնօրէնին հետ» իր գրասենեակին մէջ (տխրահռչակ գիշերային զբօսավայրի, ակումբի մը շէնքին մէջ («Նայթ քլապ»ը պարապ գրասենեակ ունէր, եւ Ժուպայի մէջ, ինչ որ ձեռքդ անցնի, կ՛ընդունիս):

Սուտանի մէջ 65 տարի գործելէ ետք Թոնի Քալտերպանքը նշանակեց վերահսկելու, կազմակերպելու համար անգլերէնի տարածումը նոր երկրին մէջ:

Ո՛ւր որ Թոնի գնաց, ես տեսայ մարդիկ, որոնք իրեն կը մօտենային դասընթացքի, գիրքերու, ուսուցիչներու, դրամական յատկացումներու յուսահատ ձգտումով:

«Անգլերէնը զարգացման, բարգաւաճման համար գործիք մը եղած է: Նոյնիսկ եթէ բրիտանացիք Սուտանի մէջ երբեմն գաղութատէրեր կը նկատուին, անգլերէնը կը յարգուի», ըսան Թոնի:

ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Զօրավար Աւուր Մալուալ Բրիտանիոյ հիւպատոսարանէն խնդրած է իր զինուորներուն անգլերէն սորվեցնել:

Զօրավարը մեծցած է սորվելով իր Ցեղախումբին բարբառը` Պորի եւ ժուպայի արաբերէնը, բայց այժմ շատ լաւ անգլերէն կը խօսի:

Երբ ես իրեն հարցուցի, թէ ինչպէ՛ս սորված է անգլերէնը, զօրավարը ըսաւ.

«Կռուած ատենս անտառին մէջ գիրք տանելով: Ես բաներ մը կարդացած եմ այդ մարդուն` Շէյքսփիրի մասին»:

Ես հարցուցի. «Իսկ Տիքընզի կամ Ճէյն Օսթինի մասի՞ն»:

Զօրավարը գլուխը քերեց եւ ըսաւ. «Ես զանոնք չեմ ճանչնար»:

Զօրավարին խոստացայ Տիքընզի քանի մը գիրքերէն ղրկել իրեն:

Ժուպայի մէջ գտնուած միջոցիս քանի մը անձեր ինծի գիրքերու համար հարցուցին. օրէնքի բառարան եւ կենսագրութիւնները` Նելսըն Մանտելայի եւ Պարաք Օպամայի (ափրիկեան ծագումով ղեկավարներ, որոնք իրենց յոյս ներշնչած են):

Ես արդէն իսկ նամակատան միջոցով առաքած եմ օրինակներ Շէյքսփիրի «Սիմպելին» էն:

Յառաջիկայ տարի` 2012 Ողիմպիական խաղերու արուեստի ծրագիրի ծիրին մէջ Հարաւային Սուտանի Քուօթօ թատերական ընկերակցութիւնը սիրոյ, մահուան, պատերազմի այս պատմութիւնը Ժուպայի արաբերէնով պիտի ներկայացնէ Լոնտոնի «Կլոպ» թատերասրահին մէջ:

Շէյքսփիրի 36 այլ թատերախաղեր եւս 36 տարբեր լեզուներով պիտի բեմադրուին:

Նեղոսի ափին կեցած` ես հարցուցի Քուօթոյի բեմադրիչին, թէ ինչո՞ւ հոսանքն ի վեր կը թիավարէ, ինչո՞ւ Շէյքսփիրը անգլերէն չի բեմադրեր:

Ան ըսաւ. «Մենք տակաւին կը տօնենք, կը նշենք մեր սեփական լեզուն, բայց ամէն բանէ առաջ «Սիպելին»ը անգլերէնէ պէտք է թարգմանենք ժուպա արաբերէնի:

 

 

ՌՈԶԻ ԿՈԼՏՍՄԻԹ

«Պի.Պի.ՍԻ.»

 

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԻ ԴԺԲԱԽՏ ԴԻՊՈՒԱ՞Ծ

Յաջորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՅՐԱԳ ԲՈՂՈՔՆԵՐՈՒ ԵՏԻՆ ԾԱՌԱՑՈՂ ԹՇՆԱՄԱՆՔ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.