Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած վերջին բռնարարքներու բազմաթիւ երեսներ, երեւոյթներ ծանօթ էին:
Ղպտի քրիստոնեաները շատոնց մեկուսացուած, լուսանցքայնացած զգացած են Եգիպտոսի հանրային կեանքին մէջ, եւ համայնքային լարուածութիւնը աւելի յաճախակի դարձած է Մուպարաքի կառավարութեան տապալումէն ի վեր:
Սակայն, ինչ որ արտասովոր է, այն է, թէ ղպտիներէն ոմանք ինչո՞ւ ակնյայտօրէն սկսան զինուորականութեան դէմ ելլել: Ասիկա մասամբ հաւաք մըն էր` հրահրուած կառավարութեան դէմ ուղղուած զգացումով:
Տասնամեակներէ ի վեր ցոյցերու ընթացքին հրահրուած համայնքային վայրագութիւններէն ամէնէն արիւնալին էր ասիկա իր 24 զոհերով:
«Ասոնք ահաւոր, արիւնալի բախումներ էին, ամէնէն վատը, զոր մենք տեսած ենք 1970-ական թուականներէն ի վեր», կ՛ըսէ ղպտի լրագրող Իշաք Իպրահիմ:
«Պատճառ չկար այսքան զոհեր տեսնելու: Հաւաքին մեզի հետ կը մասնակցէին իսլամ խումբեր: Նախատեսուած էր, որ խաղաղ ըլլայ», աւելցուց ան:
Բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը կարծեն, որ ակնյայտ համակրանք գոյութիւն ունի իսլամ ծարայեղականներու եւ ապահովական ուժերէ տարրերու միջեւ: Քրիստոնեաները զայրացած են, որ իրենց հաւատքի անդամները անպաշտպան կը մնան, անոնց անվտանգութեան ապահովման ձախողութիւնը կը շարունակուի:
Գիշերուան ուշ ժամերուն պատկերասփիւռէն ուղղած իր խօսքին մէջ վարչապետ Իսամ Շարաֆ հաւաստեց, որ փնտռտուքը կը շարունակուի «թաքուն ձեռքերու (ներքին եւ արտաքին), որոնք երկրի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը կը հարուածեն»:
Սակայն անոր գլխաւորած կառավարութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի իշխող զօրավարները ստիպուած պիտի ըլլան անդրադառնալու վատ ձեւով գործադրուած զինուորական հակադարձութեան:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԱԽՏԻ՞Ք
Եու-թիւպ-ի վրայ յայտնուած բազմաթիւ մտահոգիչ նկարներու շարքին կար պատկեր մը, ուր կը տեսնուէր ապահովական ուժերու զրահապատ կառք մը, որուն վարորդը զայն քշեց ուղիղ ցուցարարներու խումբի մը վրայ, զանոնք հարուածեց ու անոնց վրայէն անցաւ:
Նաեւ կան անպատասխան մնացած հարցումներ, թէ ինչո՞ւ սալաֆական խմբաւորումներ, որոնք Եգիպտոսի մէջ աւելի ուշագրաւ սկսած են դառնալ, վերջերս կը զգան, թէ կրնան աւելի բացայայտ թշնամանք ուղղել քրիստոնեայ փոքրամասնութեան:
«Իսկական պատճառները լուծելու համար ղեկավարները լուրջ քայլեր պէտք է առնեն, այլապէս ասիկա կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել»:
Ֆ. Ալլամ` Եգիպտոսի ապահովական ուժերու նախկին պետ
Ղպտի քրիստոնեաները կիրակի, 9 հոկտեմբերին ցոյց մը կազմակերպեցին, Ասուանի մօտ եկեղեցւոյ մը հրկիզումէն ետք: Տեղւոյն իսլամները կը պնդէին, թէ այդ եկեղեցին շինարարական համապատասխան արտօնագիր չունէր:
Անցեալ քանի մը ամիսներուն ընթացքին ապահովական սպասարկութիւնները բազմիցս մեղադրուած էին ամբողջ երկրին մէջ համայնքային բախումներուն չմիջամտելու եւ զանոնք չդադրեցնելու համար:
Անցումային կառավարութիւնը նոյնպէս կը մեղադրուի քրիստոնեաներու հին դժգոհութիւնները լուծելու նպատակով ոչինչ ընելուն համար:
Այդ մեղադրանքներն ու ամբաստանութիւնները կը ներառեան բողոքներ` եկեղեցիներու կառուցման կաշկանդումներուն, ինչպէս նաեւ իսլամականութեան վրայ կեդրոնացած դպրոցական ծրագիրի մը դէմ:
«Արապիան» պատկերասփիւռի կայանէն խօսելով` Ֆուատ Ալլամ, Եգիպտոսի ապահովական ուժերու նախկին ղեկավարը, խիստ զգուշացումներ ըրաւ.
«Իսկական պատճառները լուծելու համար ղեկավարները պէտք է լուրջ քայլեր առնեն, այլապէս ասիկա կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել», ըսաւ ան:
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Ըստ վերլուծաբաններու, համայնքային վայրագութիւնները սաստկացած են, երբ 1970-ական թուականներուն աճած են իսլամական շարժումները: Անոնց գործած վայրագութիւնները իրենց կարգին բազմաթիւ քրիստոնեաներ մղած են ինքնամփոփ դառնալու եւ ապահովելու իրենց համայնքին:
Համատարած աղքատութիւնը կը գրգռէ կացութիւնը: Հողի եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու վէճերը յաճախ կրօնական գիծի վրայ կը պառակտին ամբողջ շրջաններ:
Եգիպտական թերթեր փութացին ընդգծելու անհրաժեշտութիւնը հանդարտութիւնն ու օրէնքը վերահաստատելու մէջ, նկատի առնելով, որ նոյեմբերի վերջաւորութեան երկրին մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւնը:
«Եգիպտոսի յեղափոխութեան համար սեւ գիշեր մը» խորագիրը տպուած էր «Շորուք» անկախ օրաթերթին ճակատին:
Այն պահուն, երբ Եգիպտոս կը դիմակալէ տնտեսական ճգնաժամ մը, սակարանը եւս հարուած ստացաւ: Մարտէն ի վեր իր ամէնէն մեծ անկումը ունեցաւ, երբ 7 շաբթուան փակումէն ետք վերաբացուեցաւ:
Կրօնական առաջնորդներ, ներառեալ` Ազհարի մեծ իմամ Ահմետ էլ Թայապ, այժմ կը միանան քաղաքական ղեկավարներու` ազգային միասնականութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան կոչ ընելով:
Հասարակ ժողովուրդը նոյնպէս կը միանայ հաշտութեան ջանքերուն, որոնք առաջին անգամ տեսանելի դարձան 2011 թուականի սկիզբը Աղեքսանդրիոյ մէջ եկեղեցւոյ մը դէմ կատարուած ռմբային ցնցիչ յարձակումէն ետք:
Ոմանք հագած են քրիստոնէական խաչն ու իսլամական մահիկը միասնաբար պատկերող կպչուն պիտակներով շապիկներ եւ այդ նկարները զետեղած են իրենց դիմագիրքին (ֆէյսպուք) էջերուն վրայ եւ գրած.
«Անա մասրի» (ես եգիպտացի եմ):
ԵՈԼԱՆՏ ՆԵԼ
«Պի.Պի.Սի.»


