Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարելի Եղած Չափով Քաղցկեղի Առաջքը Առնել

May 11, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Ա.

Քաղցկեղը փոխանցիկ հիւանդութիւն մը չէ: Ան մարմնի բջիջներու անհաւասարակշիռ եւ անհամաչափ աճն է, որ կը գրաւէ կողքի հիւսկէնները եւ կը կազմէ ուռեցքներ:

Բջիջներու անհաւասարակշռութեան պատճառները շատ են, ինչպէս` դիմադրականութեան համակարգի տկարացումը, ժառանգական տուեալները, կամ անհատին ենթարկումը թունաւոր նիւթերու, ըլլայ ան օդէն, ուտելիլքէն, ծխախոտէն թէ այլ:

Մասնագէտներ, ուսումնասիրելէ ետք այս հիւանդութիւնը, գտած են զայն յառաջացնող պատճառները եւ յանձնարարած են նախազգուշական միջոցներ` անկէ պաշտպանուելու համար:

Քաղցկեղ յառաջացնող ներգործօն պատճառները տոկոսային բաժանումներով`

1.- Ծխելը` պարագաներու 30%

2.- Սնունդի պակասը` պարագաներու 30%

3.- Ժառանգական տուեալը` պարագաներու 15%

4.- Գիրութիւնն ու շարժումի պակասը` պարագաներու 5%

5.- Խմիչքի գործածութիւնը` պարագաներու 3%

Յարակից տուեալներ են նաեւ`

1.- Որոշ տեսակի վարակներ` պարագաներու 5%

2.- Աշխատանքային վտանգաւոր տարրերու ենթարկում` պարագաներու 5%

3.- Թունաւորում` պարագաներու 2%

4.- Թմրեցուցիչի գործածութիւն` պարագաներու 2%

5.- Անդրմանիշակագոյն (UV) շողարձակումներու ենթարկում` պարագաներու 2%

6.- Զանազան այլ տուեալներ` պարագաներու 1%

Ա.- Օրական պէտք է սպառել 600 կրամ կանաչեղէնի եւ պտուղի տեսակներ

Մասնագէտներ կը յանձնարարեն սպառել մեծ քանակութեամբ կանաչեղէն եւ պտուղ` պաշտպանուելու համար քաղցկեղային հիւանդութիւններէ: Փոխանակ 400 կրամ կանաչեղէն եւ պտուղ սպառելու, քանակը պէտք է բարձրացնել 600 կրամի: Բուսատեսակները հարուստ են կենսանիւթերով, հանքային աղերով եւ բնաթելով, որոնք հիմնական սնունդը կը կազմեն մարմնի բջիջներու բնականոն գործունէութեան համար: Անոնք նաեւ կը պարունակեն օգտակար նիւթեր, ինչպէս` փոլիֆենոլները (Polyphenoles), որոնք կ՛օգնեն բջիջներէն վանելու թունաւոր տարրերը, որոնք կրնան փոփոխութիւններ յառաջացնել բջիջներուն մէջ: Այս գործողութիւնը կը կատարուի լեարդին կողմէ` բնախմորները (enzymes) զօրացնելու համար: Իսկ այլ բուսատեսակներ կը գործեն իբրեւ հականեխիչներ: Օրինակ` կաղամբին մէջ տարրեր գոյութիւն ունին, որոնք քաղցկեղի քնացած բջիջներուն մէկ անգամ ընդմիշտ կ՛արգիլեն մեծնալ եւ աճիլ: Իսկ սխտորը ուղղակի դէմ կը դնէ քաղցկեղային բջիջներու գործունէութեան:

Պտուղի եւ բանջարեղէնի տեսակներ սպառելը օգտակար է եւ դէմ կը դնէ քաղցկեղի, սակայն անոնց սպառումը պէտք է կատարել բնականոն ձեւով` զանոնք բաժնելով ճաշաբաժիններու, որովհետեւ իւրաքանչիւրին պարունակութիւնը եւ օգտակարութիւնը կը տարբերի միւսէն: Խաղողը, բրքուկը (broccoli) եւ թութը կը կազմեն ցանկին գլխաւորները: Իսկ չոր բանջարեղէնն ու ընդեղէնները պէտք է մեր ճաշացուցակին մաս կազմեն շաբաթը քանի մը անգամ: Նախընտրելի է որ ընդեղէնները սպառենք իրենց ամբողջական վիճակին մէջ, քանի որ անոնց մէջ կայ մեծ քանակութեամբ բնաթել, որ կ՛օգնէ մարմնի բջիջներէն վանելու թոյները:

 

 

Նախորդը

Լեարդաթորշում Cirrhosis

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հա՞յը Թէ՞ Մարդը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.