Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեարդաթորշում Cirrhosis

May 11, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Լեարդը մարմնի կարեւոր օրկաններէն մէկն է: Անիկա ամէնէն մեծ գեղձն է մարմնին մէջ եւ ունի մօտաւորապէս 1500-1750 կրամ ծանրութիւն: Տղամարդոց լեարդը աւելի մեծ է, քան կիներունը, իսկ մանուկներու մօտ լեարդը աւելի մեծ կ՛ըլլայ` համեմատաբար անոնց մարմնի չափին: Լեարդը ունի սրճագոյն-կարմիր գունաւորում: Անիկա կակուղ է եւ առաձգական: Լեարդի բջիջները ունին կարեւոր յատկութիւն մը: Անոնք դիւրաւ կը վերանորոգուին (regenerate), այսինքն կ՛աճին եւ կը բազմանան: Լեարդը շարունակ կը գործէ եւ ունի շատ կարեւոր պարտականութիւններ: Սաղմային կեանքի ընթացքին լեարդը ունի արիւնաշինութեան դերակատարութիւն: Ծնունդէն ետք անոր հիմնական դերակատարութիւնն է մասնակցիլ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութեան (metabolism) գործընթացին: Լեարդի կենսական դերակատարութիւնները կը դանդաղին եւ կամ կը դադրին, երբ լեարդը ախտահարուի զանազան տեսակի հիւանդութիւններով:*

Լեարդաթորշումը լեարդի ամբողջական եւ վերջնական սպիացումն ու փճացումն է: Անիկա շատ մը լեարդային երկարատեւ հիւանդութիւններու վերջին փուլն է: Տեղի կ՛ունենայ շատ դանդաղ եւ թաքուն ձեւով: Լեարդաթորշումով լեարդի արիւնով մատակարարումը կը նուազի եւ լեարդի գործունէութիւնը կը ձախողի, մասնաւորապէս սննդանիւթերու, ներծորոյթներու եւ բնասպիտի արտադրութիւնը կը խանգարուի եւ կամ կը նուազի:

Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառներն են`

  1. Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:**
  2. Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ՛այլափոխուին եւ տեղի կ՛ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի եւ ապա` լեարդաթորշումի:
  3. Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին եւ կամ տարիներ ետք:
  4. Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ՛ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:
  5. Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն:
  6. Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմնի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ՛ըլլան
  7. Գիրութիւն:
  8. Շաքարախտ:
  9. Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:
  10. Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):
  11. Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):

Լեարդաթորշումի ախտանշաններն են` ախորժակի նուազում, յոգնածութիւն, ֆիզիքական ընդհանուր տկարութիւն, ծանրութեան կորուստ, դեղնախտ, քերուըտուք, սրունքներու եւ փորի  ջրակուտակում (ascitis), մէզի գոյնի փոփոխութիւն`սրճագոյն մէզ, շփոթութիւն, կեդրոնացումի նուազում, արիւնոտ կղկղանք, մորթային կապտաբիծեր (bruises) եւ ջերմութիւն:

Լեարդաթորշումի ախտաճանաչումին համար կը կատարուին pժշկական ընդհանուր քննութիւն, լեարդի գործունէութեան արեան զանազան տեսակի քննութիւններ, մէզի քննութիւն, լեարդի համակարգչային շերտագրական նկարում (CT Scan) եւ լեարդի անդրձայնային նկարում (ultrasound):

Լեարդաթորշումէ տառապող անհատը կ՛ունենայ շատ մը բարդութիւններ, օրինակ` լայնցած երակներու արիւնահոսութիւն, փորի ջրակալում, շաքարախտի զարգացում, մորթային զարկերկային արիւնահոսում, մորթային կապտաբիծերու յայտնաբերում, կանխահաս դաշտանադադար, մկանային տկարութիւն, երիկամի աշխատանքի խանգարում եւ դադարում, արեան թթուածինի նուազում, լեարդային ուղեղատապ, մահաքուն եւ մահ:

Լեարդաթորշումը հիմնական դարման չունի: Սակայն կան որոշ միջոցառումներ, որոնք կը դանդաղեցնեն անոր յառաջխաղացքը: Այս միջոցառումներէն կարելի է յիշել հետեւեալները. ալքոլ չգործածել, աղի գործածութիւնը նուազեցնել, յոգնեցուցիչ աշխատանքէ հրաժարիլ, գործածել քորթիզոն (cortisone), հակաժահրային եւ միզամղիչ դեղեր:

Լեարդաթորշումը կարելի է կանխարգիլել` հետեւելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

  1. Ալքոլ բնաւ չգործածել,
  2. Լեարդի բորբոքումներ չունենալ,
  3. Ենթակայ չըլլալ ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշի (AIDS) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահրին (HIV),
  4. Չունենալ անպաշտպան սեռային յարաբերութիւն` կասկածելի անձերու հետ,
  5. Հեռու մնալ քիմիական նիւթերէ, թոյներէ եւ միջատասպան դեղերէ,
  6. Պատուաստուիլ լեարդաբորբ A եւ B խմբաւորումներու դէմ,
  7. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի. ուտել առատ պտուղ եւ բանջարեղէն, ճարպ շատ չսպառել,
  8. Չգիրնալ,
  9. Օրինաւոր մարզանքի հետեւիլ:

Լեարդաբորբի A եւ B խմբաւորումները կանխարգիլելի են յատուկ պատուաստներով: Լեարդաբորբի C  խմբաւորումը պատուաստ չունի:

«Ասպարէզ», 21 նոյեմբեր 2015

* Տեսնել լեարդի մանրամասն դերակատարութիւնները «Բժիշկին Գ. խօսքը»-ի «Լեարդ» յօդուածին մէջ:
** Տեսնել «Բժիշկին Գ. խօսքը»-ի «Լեարդի հիւանդութիւններ» յօդուածը:

Նախորդը

Մազերուն Կապուած 3 Տարածուած Սխալներ

Յաջորդը

Կարելի Եղած Չափով Քաղցկեղի Առաջքը Առնել

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.