Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Զգուշացում Մինսքին Եւ Կասեցում Արտայանձնումին

January 19, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Agnarg_11917

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետեւեալ յայտարարութիւնը յատուկ դիտարկման եւ վերլուծման անհրաժեշտութեան առջեւ  է. «Միանգամայն համոզուած եմ, որ եթէ Ռուսիան հարցով զբաղի ամենայն լրջութեամբ, գոյավիճակը կը փոխուի, տարածաշրջանին մէջ կը վերականգնի կայունութիւնը եւ կ՛ապահովուի Ազրպէյճանի «գրաւուած  տարածք»-ներէն հայկական զօրքերու դուրս բերումը»:

Ասիկա պաշտօնական Պաքուի կողմէ մեղադրանք եւ ամբաստանութիւն է ուղղուած Մոսկուային, հետեւեալ պարզ տրամաբանութեամբ:

Նախ այն, որ Ռուսիան մինչ այժմ լրջութեամբ չէ զբաղած հակամարտութեան լուծում ապահովելու հարցով, թէ՛ իբրեւ համանախագահող երկիր եւ թէ՛ իբրեւ առնչուած կողմ, որ գերմիջնորդական առաքելութիւն կ՛իրականացնէ:

Ամենայն լրջութեամբ չվերաբերելու իբրեւ հետեւանք կը ստանանք այն, որ գոյավիճակը կը պահպանուի Մոսկուայի մեղքով. այսինքն` ասիկա կը նշանակէ, որ Մոսկուային վերագրուող պահուածքին համար է, որ Պաքուն հրադադար կը խախտէ, թափանցման գործողութիւն կ՛իրականացնէ, ապրիլեան յանկարծակի պատերազմ կը սանձազերծէ եւ անզէն բնակչութիւն կը հրթիռակոծէ:

Փորձենք ուրուագծել Մամետեարովի յայտարարութեան ընդհանուր պարունակը: Յայտարարութիւններու ընդհանուր շրջագիծը կը վերաբերի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի հարցին, որուն մասին  խօսած է Լաւրովը: Խնդիրը, ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, «կը դիտարկուի իրաւական հարթութեան մէջ»: Ան, Մամետեարովի պնդումով, «ապօրինաբար հատած էր Ազրպէյճանի պետական սահմանը», եւ վերջինիս արտայանձնման նպատակով Պիելոռուսիոյ ներկայացուած են բոլոր համապատասխան փաստաթուղթերը: Պաքուն պաշտօնապէս կ՛առաջադրէ ռուս պլոկըրի արտայանձնումը: Հակառակ անոր որ խիստ հարցական է անոր ձերբակալութեան իրաւականութիւնը պիելոռուսական իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:

Միանգամայն յստակացնենք, որ ան առաջին օտարերկրացի անձնաւորութիւնը չէ, որ կ՛այցելէ Արցախ. նման նախընթաց երեւոյթներու պարագային, անոնք կ՛արժանանային Պաքուի սեւ ցուցակը համալրելու կարգավիճակին: Այժմ ձերբակալութեան պահանջ, ձերբակալութիւն եւ արտայանձնման գործընթացի սկսման պահանջ:

Պաքուն կ՛աշխատի խստացնել Արցախի Հանրապետութիւն այցելողներու կարգավիճակը` քրէական հետապնդման ենթակայ նկատել տալով անոնք, որոնք ազրպէյճանական ընկալումով ապօրինաբար կը հատեն Ազրպէյճանի պետական սահմանը:

Իրաւամբ, պաղ ցնցուղի ազդեցութեամբ կ՛ընկալուի պաշտօնական Մոսկուայի պատասխանը ազրպէյճանական նկրտումներուն: Ռուս արտաքին գործոց նախարարը յստակացուցած է, որ Մոսկուան համաձայն չէ լրագրողի  այս կամ այն տարածաշրջանի այս կամ այն տարածք այցելութիւնը քրէականացնելու մօտեցման: Աւելի՛ն. ան ըսած է, որ իրենք դէմ են որեւէ երկրի մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ քաղաքացիներուն երրորդ երկիր արտայանձնման:

Լաւրովի յայտարարութիւնը նաեւ զգուշացում է Մինսքին արտայանձնումը չիրականացնելու: Պաքուն երրորդ երկրի հետ գործարքներով արտայանձնում իրականացնելու վատ նախընթաց ունի եւ մարդասպանին ոչ թէ արտայանձնման ընթացակարգը կամ պատիժի շարունակականութիւնը ապահոված է, այլ  զայն հերոսացուցած:

Լաւրովի յայտարարութիւնները եթէ մէկ կողմէ զգուշացում է Մինսքին նման քայլի չդիմելու, միւս կողմէ նաեւ անուղղակի մեղադրանք է Պաքուին շփման գիծերու վրայ վերահսկողական գործիքակազմեր չստեղծելու յանցանքով: Մամետեարովի յայտարարութիւնը միայն իբրեւ պատասխան արձագանգ կարելի է ընկալել Լաւրովի յայտարարութիւններուն:

Մամետեարովը կարեւոր քայլ մը առաջ գացած է պլոկըրի խնդիրը տեղափոխելով նաեւ գոյավիճակի պահպանման մէջ մեղադրելով Մոսկուան. այս պարագային հակամարտութեան լուծման գործընթացը սառեցուած պահելու առումով:

Մոսկուան մէկ կողմէ կը շարունակէ մերձեցման յարաբերութիւնները Անգարայի հետ, միւս կողմէ խիստ ուղերձներ կը փոխանցէ Պաքուին` պաղ ցնցուղի ազդեցութեամբ: Չէ բացառուած, որ Անգարան փորձէ կանխարգիլել Մոսկուա-Պաքու յայտարարութիւններուն մէջ երեւցող հակասութիւններու զարգացումը: Իսկ յատկապէս պլոկըրին խնդիրով, Լաւրովի այս բացայայտ դիրքորոշումէն ետք, դժուար թէ իրականանայ արտայանձնումը:

«Ա.»

Նախորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Նախագահ Սարգսեանին Զեկուցած Է Կրթութեան Մարզին Մէջ Կատարուածներուն Եւ Կատարուելիքներուն Մասին

Յաջորդը

Լուիս Վան Կաալ Վերջ Դրաւ Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.