Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Կողմէ Արցախեան Պատերազմին Ազրպէյճանին Ցուցաբերուած Աջակցութեան Վերաբերեալ Նոր Փաստեր Հրապարակուած Են

January 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայտար Ալիեւ եւ Մանսուր Հաղիղաթփուր
Հայտար Ալիեւ եւ Մանսուր Հաղիղաթփուր

Panorama.am կը հաղորդէ, որ պարսկալեզու Azarhia.org կայքը արցախեան պատերազմին ընթացքին Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած աջակցութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը հրապարակած է:

Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նախկին զօրավար Մանսուր Հաղիղաթփուրը զինուորական համազգեստով կանգնած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի կողքին եւ կը հետեւի ազրպէյճանցի զինուորներու ռազմաուսումնական վարժութիւններուն:

Տեսանիւթի մէկ այլ հատուածին մէջ Հաղիղաթփուր ելոյթ կ՛ունենայ ազրպէյճանցի զինուորներուն առջեւ:

«Վերջին շրջանին ազրպէյճանցի պաշտօնեաները կը ժխտեն Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերած աջակցութիւնը, սակայն յառաջիկային Իրանի ցուցաբերած աջակցութեան վերաբերեալ այլ փաստեր եւս պիտի ներկայացուին», կը նշէ իրանական աղբիւրը:

Նշենք, որ Մանսուր Հաղիղաթփուր ներկայիս Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահն է: Հաղիղաթփուր իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած է, որ արցախեան պատերազմին ընթացքին եղած է Հայտար Ալիեւի յատուկ խորհրդականը: Մինչեւ երեսփոխան ընտրուիլը` Մանսուր Հաղիղաթփուր կը զբաղեցնէր Արտապիլի նահանգապետի պաշտօնը:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան երեսփոխան Սիաւուշ Նովրուզով վերջերս յայտարարած էր, թէ իրանցի խորհրդարանականին դէմ Ազրպէյճանի մէջ քրէական գործ յարուցուած է: Նովրուզով Հաղիղաթփուրը մեղադրած է ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին Հայաստանին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն հաղորդելուն մէջ:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Մանսուր Հաղիղաթփուր, արձագանգելով Սիաւուշ Նովրուզովի մեղադրանքին, մասնաւորապէս  նշած է. «Պատերազմի ժամանակ դուք եւ միւս երեսփոխանները ո՞ւր էիք, ձեզմէ, ձեր երեխաներէն քանի՞ հոգի մասնակցած է պատերազմին: Ինչո՞ւ սովորաբար նուիրեալ ու ոչ ազրպէյճանցի երիտասարդները կը սպաննուէին թիկունքէն: Իրականութեան մէջ ասիկա հարց է նահատակներու ծնողներուն կողմէ, թէ ինչո՞ւ իրենց որդիները սպաննուեցան թիկունքէն»:

Աւելցնենք նաեւ, որ աւելի առաջ` Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզային, անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու ժամանակաշրջանին, ըսած է. «Այն ժամանակ ես անձամբ հրամայած եմ, որ Ազրպէյճանին ռազմամթերք տրամադրուի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն համար յատուկ ռազմաուսումնական վարժութիւններ կազմակերպուին»:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Էրտողանէն Կախեալ Դարձած Է» Ըսաւ Քուրց

Յաջորդը

Ռուսիոյ Մէկ Շրջանի Իշխանութիւնները Հրկիզած Են «Ռուսական Գաղափարախօսութեան Համար Խորթ» Գիրքեր

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.