Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Ծիրին Մէջ. Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտանոցի «Տաւիղ» Խումբի Ելոյթ

December 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop_121115

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի «Տաւիղ» խումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հաստատեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին յաղթական կերպով բոլորած է իր 60-ամեակը եւ սոյն երեկոն նկատեց յաղթանակի, ցնծութեան եւ ուրախութեան երեկոյ: Ան շեշտեց, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին իր խաչերով, նախորդ սերունդներու անխախտ հաւատքով, պողպատեայ կամքով ու ծառայութիւններով կերտած է իր գոյութեան յաղթական երթը եւ պիտի մնայ իբրեւ միջնաբերդ մեր ժողովուրդի գոյատեւման: «Եկեղեցւոյ 60-ամեակի կտակին առջեւ մենք կու գանք խոնարհելու` խոստանալով շարունակել այս յաղթական երթը», հաստատեց քահանայ հայրը: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ առաքելութեան` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան նկատել տուաւ, որ Ս. Յակոբ եկեղեցին  հոգեւոր եւ կրօնական առաքելութեան կողքին ունի նաեւ ազգային եւ մշակութային առաքելութիւն: «Հայ երգի, հայ երաժշտութեան եւ հայ ասմունքի միջոցով կը շարունակենք մեր պահանջատիրութիւնը», եզրափակեց քահանայ հայրը` շնորհակալական խօսք ուղղելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Գեղարուեստի դպրոցի խնամակալութեան եւ «Տաւիղ» խումբի անդամներուն ու ղեկավարին իրենց գործակցութեան համար:

Այնուհետեւ «Տաւիղ» խումբը Մկրտիչ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ մեկնաբանեց Մորիս Ժարի «Տոքթոր Շիւակօ»-ն, «Ձիերու պարը»` վրացական ժողովրդային մշակում, Հիւկօ Պլանքոյի «Մոլինտօ Քաֆէ»-ն, Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակումներէն «Հոյ նազան», «Եասամանի ծառի տակ», «Կարմիր ֆիստան» երաժշտական կտորները եւ Թաթուլ Ալթունեանի «Վերածնուած Հայաստան» յօրինումը` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներէն Վանա Դանիէլեան, որ ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը», Մեղրի Պապիկեան, որ մեկնաբանեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Պիտի ճանչնան» քերթուածը եւ Արմիկ Քերքեզեան, որ երգեց «Չքնաղ երազ» եւ «Հայի աչեր» երգերը:

 

Նախորդը

Դեսպաններու Այցելութիւն` Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան»-ի Անունը Կրող Որբերուն Նուիրուած Թանգարան

Յաջորդը

«Հռիփսիմեանցը. Դէպքեր – Դէմքեր – Վկայութիւններ 90-Ամեայ Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէս. «Հռիփսիմեանցը» Գիրքը Ապրումներու Վկայութիւն Է. Անոր Ամէն Մէկ Թերթը Ապրուած Է Իմ Կողմէս» Ըսաւ Սարգիս Նաճարեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.