Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1965)

October 20, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Ցեղախումբ, Հապա Ի՞նչ…

Երրորդ էջի մէջ տուինք կարեւոր մասերը Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարութեան: Իւրկիւպլիւ, որուն օրերը թէեւ համրուած են, բայց անպայման որ կը ներկայացնէ իր երկրին պաշտօնական տեսակէտը, քանի որ նախքան այդ յայտարարութիւնը տեսակցած է ապագայ վարչապետ Տեմիրելի, արտաքին գործոց նախարար Ըշըգի եւ Ընդհանուր սպայակոյտի պետին հետ, ուղղակի կը սպառնայ Պոլսոյ յոյներուն:

«Եթէ մէկ թուրքի արիւն հոսի Կիպրոսի մէջ, չեմ կրնար երաշխաւորել Թուրքիոյ յոյներուն ապահովութիւնը: Սեպտեմբեր 6-7 դէպքերը կրնան կրկնուիլ»:

Պետական պատասխանատուութեան գիտակից մարդու մը արտայայտութիւններ չեն ասոնք, եւ զարմանալի պիտի ըլլային ազգի մը ճակատագիրը վարող ոեւէ այլ վարիչի բերնին մէջ, բայց գերազանցապէս իրաւ կը հնչեն Թուրքիոյ վարչապետին պարագային:

Ճիշդ տասը տարի առաջ, 1955 սեպտեմբեր 6-7 գիշերը, թուրք խուժանը, թուրանական մոլեգնութեամբ մը, յագուրդ կու տար իր ցեղային հիմնական «առաքինութեան»` քանդումի մոլուցքին:

Մէկ գիշերուան մէջ տասնեակներով եկեղեցիներ հրկիզուեցան, գերեզմանատուներ սրբապղծուեցան, յոյներու պատկանող խանութներ քանդուեցան ու սկսաւ կողոպուտը` մոլեգնած խուժանի մը վայրագութեամբ:

Այս բոլորը կատարուեցան թուրք ոստիկանութեան մեղսակցութեամբ, պետական վարիչներու համամտութեամբ եւ քաջալերանքով:

Պոլսոյ դէպքերը մէկ գիշերուան մէջ փճացուցին այն, ինչ որ Աթաթիւրք երկար տարիներով աշխատած էր պարտադրել համայն աշխարհին. արդիական եւ քաղաքակիրթ Թուրքիոյ մը դրսերեւոյթը` աշխատելով ծածկել անդարմանելիօրէն հիւանդ ներքինը:

Երբ վարչապետ Իւրկիւպլիւ այդ դէպքերուն  յիշեցումով կը սպառնայ Պոլսոյ յոյներուն, իր մէջ անպայմանօրէն կը խօսի սուլթան համիտներու, թալէաթներու եւ Էնվերներու Թուրքիան, այն, որ հաւատարիմ կը մնայ ցեղին դարաւոր «արժանիքներուն»:

Սխալը գործուած է: Քաղաքական խոշոր սխալ մը, զոր մեղմացնել կը ջանայ հանրապետութեան նախագահ զօրավար Կիւրսել` վարչապետին ջղայնութեան վերագրելով շաբաթ գիշերուան յայտարարութիւնը:

«Թուրքիա ցեղախումբ չէ,- կ՛ըսէ Կիւրսել,- պետութիւն է: Կրնայ իր միջոցներով կարգադրել ներքին խնդիրները` պետական ուժին կռթնած»:

Իրողութիւններն ու դէպքերը կը հաստատեն հակառակը: Թուրքիոյ հին թէ նոր պատմութեան կապուած բոլոր եղելութիւնները աւերի ու կոտորածի պատկերով կը ներկայանան համայն աշխարհին:

Այդ պատկերը կրնայ ստեղծել միայն ցեղախումբ մը, որ անթափանցելի է մարդկային ու քաղաքակրթական արժէքներուն համար:

 

Հայաստան

 Արամ Գաթանեան` Օփերայի
Առաջին Ղեկավար

Արամ Գաթանեան Երեւանի երաժշտանոցը աւարտած եւ ասպարէզ իջած է 1951-ին` ղեկավարելով Շոսթաքովիչի հինգերորդ համերգը: Այնուհետեւ ղեկավարած է Լիսթի, Կարայեւի, Շթրաուսի, Ռոտիոն Չետրինի զանազան գործերը: Հուսկ, ուրեմն, ձգած է «Ֆիլհարմոնիա»-ն եւ անցած` «Օփերա»-ին: Ան վերջերս ղեկավարած է Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ը- ի ներկայութեան հեղինակին, որ յայտարարած է, թէ լուսաւոր ապագայի մը առջեւ կը գտնուի Գաթանեան: Սթրաւինսքիի «Իտիփոս արքա»-ն արժանացած է Շոսթաքովիչի գնահատանքին:

Արամ Գաթանեան անցեալ տարուընէ Երեւանի օփերայի առաջին խմբավար նշանակուած է:

Նոր Գիրք

Ամէն ազգային գրականութիւն, գրական գագաթներուն առընթեր, կ՛ունենայ նաեւ իր համեստ մշակները, որոնց թէեւ ոչ մեծ, այսուհանդերձ կարեւոր ծառայութիւնները պէտք չէ մոռցուին: Հայ գրականութեան մէջ այդպիսի հեղինակներէն Ալեքսանդր Ծատուրեան, որուն կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին բաւական բան գրուած է: Վերջերս, բանաստեղծին ծննդեան 100-ամեակին առիթով, լոյս տեսած է Յարութիւն Ֆելեկեանի «Ալեքսանդր Ծատուրեան» մենագրութիւնը:

«Ալեքսանդր Ծատուրեանը 90-ական թուականներին ամէնից տարածուած, ժողովրդական բանաստեղծն էր, դպրոցում անգիր սովորում էինք նրան եւ հանդէսներին ամէնից շատ նրա բանաստեղծութիւններն էին արտասանում», գրած է Աւ. Իսահակեան` տալով նաեւ այդ ժողովրդականութեան պատճառը, բացատրութիւնը. «Մեր պատանեկութեանը, Ռուսաստանի մռայլ իրականութեան մէջ, ծարաւ լոյսի եւ ազատաշունչ խօսքի, ոգեւորւում էինք նրա երգած ժողովրդական զգացմունքներով, գաղափարներով»:

Դառն եղած են ապագայ բանաստեղծին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները: Փոքր տարիքին կորսնցուցած է իր ծնողքը եւ ապրուստի համար ստիպուած է ծանր աշխատանքներու լծուիլ:

Նախնական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Երբ ապարդիւն անցած են բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու անոր ջանքերը, յաճախած է Թիֆլիսի արհեստաւորներու դպրոցը:

Գրականութեան ասպարէզին մէջ իր ուժերը փորձած է թարգմանութիւններով: 1891-ին, 1898-ին եւ 1901-ին հրապարակ հանած է երեք հատորներ, երկուքը` բանաստեղծութեան եւ մէկը` երգիծական: Հետագային հրապարակ հանած է ռուսական բանաստեղծութիւններէ կատարած թարգմանութիւններու հաւաքածոն:

1917 մարտ 31-ին Թիֆլիսի մէջ մեռած է թոքախտէ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Զինուորական Միջամտութեան Իրաւական Հիմքերը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.