Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Պետական Համալսարան. Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

September 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

mousa-18_9-17-15mousa-19_9-17-15Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը եւ պատմութեան բաժանմունքը երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, գիտաժողով կազմակերպած էին պետական համալսարանի երկրորդ մասնաշէնքին մէջ: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի յանձնախումբը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրէն պատուիրակ մը, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ մուսալեռցիներ:

Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան բացման խօսքով ընթացք տուաւ ձեռնարկին, որմէ ետք Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի մարմինի յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան խօսք առաւ: Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս Գեղամ Բադալեան «Սուէտիոյ հայ բնակչութեան ժողովրդագրական կազմը առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին» խորագիրով զեկուցում տուաւ: Եսայի Հաւաթեան 1850-1915 ժամանակաշրջանի Մուսա Լերան հայութեան մասին խօսեցաւ: Երեւանի պետական համալսարանի  պատմութեան բաժանմունքի փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան ելոյթ ունեցաւ` ներկայացնելով Մուսա Լերան հերոսամարտին ատեն կիներուն դերը ինքնապաշտպանութեան մէջ: Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեան Մովսէս Տէր Գալուստեանի` ինքնապաշտպանութեան մէջ ունեցած դերին անդրադարձաւ: Ան շեշտեց, որ Տէր Գալուստեան հասարակ անուն մը չէ ու յիշատակութեան արժանի է` տրուած ըլլալով, որ քսան տարեկանին արդէն զինուորական ղեկավար եղած է եւ ապագային` քաղաքական գետնի վրայ պատնէշի վրայ: Ներսիսեան լուսարձակի տակ առաւ եւ կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հերոսամարտերու նշանակութիւնը:

Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկէն Յարութիւն Մարութեան Ցեղասպանութեան տարիներուն հայոց ինքնապաշտպանութիւններու ու ապրիլ 24-ի բանաձեւումին նիւթով զեկուցում մը ներկայացուց: Գիտաշխատող Խորէն Գրիգորեան Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւնը թանգարանային ցուցադրութեան ձեւով, պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց: Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրէն Սվետլանա Պօղոսեան մուսալեռցիներու ինքնութեան ու կենսապահովման մշակոյթի առանձնայատկութիւններուն անդրադարձաւ: Ապա Քալիֆորնիոյ «Արփա» հիմնարկի նախագահ Յակոբ Փանոսեան զեկուցեց Մուսա Լերան բարբառի առանձնայատկութիւններուն մասին ` պաստառի վրայ: Փանոսեանի զեկուցումէն ետք Երեւանի պետական համալսարանի  դասախօս Գաղթուհի Հանանեան, որ ի դէպ մուսալեռցի է, Սուէտիոյ բարբառով հնատիպ երեւոյթները ներկայացուց:

Գիտաժողովի աւարտին առիթ տրուեցաւ ժողովուրդին, որ հարցումներ ուղղեն ու մեկնաբանութիւններ կատարեն: Գիտաժողովը աւարտեցաւ մօտաւորապէս ժամը 2:00-ին, մուսալեռցի տիկիններու համեղ ուտեստներու հիւրասիրութեամբ: Յատկանշական էր այն երեւոյթը, որ Երեւանի պետական համալսարանի երդիքին տակ Այնճարէն ու Հայաստանէն մուսալեռցիներ եւ ոչ մուսալեռցի հայեր քով-քովի եկան եւ Հայոց ցեղասպանութեան հերոսական էջերէն մէկը միասնաբար նշեցին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու Վերամուտ. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Յոյս Յայտնեց, Որ Նոր Սերունդը Իր Գործով Կ՛անհետացնէ Արգելքները Եւ Կը Ստեղծէ Լուսաւոր Միջավայր

Յաջորդը

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 16, 2026
Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.