Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Դեսպան Թոմ Ֆլեչըր Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն. Օհանեան Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը Խորհրդանշող Յուշանուէր Մը Յանձնեց Դեսպանին

August 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-31-15_kara

Երէկ` ուրբաթ, 31 յուլիս 2015-ին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որուն կ՛ընկերակցէին «Պի. Պի. Սի. Լոնտոն»-ի լրագրողներ: Դեսպան Թոմ Ֆլեչըրին ընդունեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Դեսպան Ֆլեչըր եւ իր ընկերակիցները շրջեցան «Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ, ծանօթացան հաստատութեան անձնակազմին եւ գործող բժիշկներուն: Ֆլեչըր ըսաւ, թէ ան բարձր կը գնահատէ վերջին շրջանին ՄԱԿ-ի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան միջեւ տեղի ունեցող համագործակցութիւնը:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, գնահատելով դեսպան Թոմ Ֆլեչըրին այցելութիւնը եւ Բրիտանիոյ ժողովուրդին կողմէ կատարուած օժանդակութիւնները Լիբանանին, որ իր կարգին ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու առջեւ կը գտնուի, երկրին մէջ աննախընթաց կերպով սուրիացի եւ միջինարեւելեան երկիրներու այլ քաղաքացիներու գաղթին պատճառով: Ապա Օհանեան անոր յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէր մը: Յանձնուած յուշանուէրը մարդու կերպարանքով մոմ մըն է, որուն հալելէն ետք կը մարմնաւորուի վեր կանգնած պրոնզէ մարդ մը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի վերականգնման ընթացքը: Նշենք, որ յուշարձանը արուեստագէտ Տելգին Ժըպրան-Մարգարեանի գործն է, որ կոչած է «Ազատ» անունով: Դեսպան Ֆլեչըրին յուշանուէրի յանձնման ընթացքին Օհանեան յայտնեց, որ 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդը զգացած է գաղթականութեան տառապանքները եւ այսօր ան իր կարգին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Պուրճ Համուտի մէջ գործող հայկական այլ բարեսիրական միութիւններու միջոցով եւ ՄԱԿ-ի հետ գործակցաբար կ՛օժանդակէ սուրիացի գաղթական ժողովուրդին` ըլլայ անիկա հայ, արաբ կամ այլ ազգի:

Նախորդը

«Ինծի Համար Հայաստանը Այն Հայրենիքն Է, Ուր Հարազատօրէն Կրնամ Ստեղծագործել» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Շարլ Ազնաւուր

Յաջորդը

100-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի. 75-Ամեակ Մուսա Լեռ-Այնճարի Հիմնադրութեան. Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.