Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Այցելեց Հայաստան

June 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_jamesՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:

Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ շարունակելու բանակցային խաղաղ ճամբով տագնապին լուծման ուղղուած ջանքերը:

Նալբանդեան – Ուորլիք Հանդիպում

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:

Զրուցակիցները հանգամանալից կերպով քննարկեցին ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման յստակ թուականը տակաւին  յայտնի չէ, բայց մենք պիտի այցելենք երկու մայրաքաղաքներ, եւ ատիկա հարցերէն մէկն է, որ պիտի քննարկենք», ըսաւ Ուորլիք` հայաստանեան լրատու կայքի մը տուած հարցազրոյցին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` յառաջընթաց կա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ, Ուորլիք ըսաւ, որ հանդիպումներ կ՛ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: «Մենք կը խօսինք բանակցային հոլովոյթին մէջ հետագայ քայլերու մասին: Երկու նախագահներն ալ յայտարարած  են երկխօսութիւնը աշխուժացնելու  մտադրութեան մասին, եւ համանախագահները կ՛օգնեն անոնց դիւրացնելու այդ քննարկումները», ընդգծեց Ուորլիք:

Յիշեցնենք, որ միջազգային միջնորդներուն  վերջին այցելութիւնը շրջան տեղի ունեցաւ այս տարուան փետրուարին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ 2014-ի Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Եւս Եւրոպական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լուիս Այալան

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.