Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Ցեղասպանութեան Հատուցման Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունուեցաւ

May 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated33Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովին կարեւոր նուաճումներէն էր Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին  ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Արմէն Մկրտչեան: Ըստ անոր, բանաձեւը ընդունուած է  միաձայնութեամբ` ծափողջոյններով: «Թէեւ այս բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն կարելիութիւն կու տայ ընկերվարական  միութիւններու երիտասարդներուն հաւատարիմ  վերաբերմունք ունենալ Հայաստանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Երիտասարդները հետագային իրենց երկիրներուն մէջ դառնալով քաղաքական գործիչներ` կ՛ունենան յստակ ձեւաւորուած կարծիք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ», ըսաւ ան:

Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Հուրի Պաղտասարեան նշեց, որ ժողովին բոլոր բանաձեւերն ալ ընդունուած են առողջ քննարկումներէ ետք: Անդրադառնալով ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւին` Պաղտասարեան յայտնեց. «Իբրեւ ընկերվարական երիտասարդներու համաշխարհային միութիւն, որ կը նկատուի Ընկերվար միջազգայնականի  քոյր միութիւն, մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ այն երիտասարդները, որոնք ներկայացուած են կազմակերպութեան մէջ, մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց երկիրներուն մէջ, բանաձեւի ընդունումը մեծ նշանակութիւն ունէր յատկապէս քաղաքական կեցուածք ձեւաւորելու գործին մէջ», ըսաւ ան: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Հայկ Իգիթեան շեշտեց, որ թէեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ  ներկայացուցիչները կը հանդիսանան Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի անդամ, սակայն մերժած էին մասնակցութեան հրաւէրը:   Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ պատահիլ, որ Հայաստանի մէջ  ժողովի կայացումն ու Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը Թուրքիոյ  ներկայացուցիչներուն դժգոհութիւնը յառաջացնէ եւ անոնք դադրեցնեն անդամակցութիւնը կազմակերպութեան, Իգիթեան յայտնեց, որ ոչ` նշելով, որ Թուրքիա իր չմասնակցիլը պատճառաբանած էր իրենց երկրին մէջ սպասուող ընտրութիւններով` խուսափելով հարցին քաղաքական երանգ տալէ: Անդրադառնալով միութեան անդամներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ցեղասպանութեան թանգարան այցելութեան` Իգիթեան շեշտեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած պատուիրակները պարզապէս յուզուած էին եւ յուզախառն արձանագրութիւններ կատարած են թանգարանի յուշամատեանին մէջ:

Յիշեցնենք,  որ ժողովին կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 60 երկիրներու 160 երիտասարդ ընկերվարականներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու  ներկայացուցիչներ:

 

Նախորդը

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Բանաձեւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Թորոնթոն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.