Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ամենայն Հայոց Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն Հետ

January 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9678_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

«Հանրապետութեան նախագահը եւ վեհափառ հայրապետները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները  համակարգող պետական յանձնաժողովի` այս օրերուն  տեղի ունենալիք 2015 թուականի անդրանիկ նիստէն առաջ, քննարկած են պետական յանձնաժողովին աշխատանքները եւ միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներուն վրայ, սփիւռքի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ  այդ աշխատանքներուն մասնակցութիւնը», յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութիւնը:

Բանակի 23-րդ Տարեդարձին Առիթով
Ս. Պատարագ Ս. Էջմիածինի Մէջ

12615_etch25 յունուարին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայոց բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին առիթով մատուցուած է սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն:

Իր խօսքին մէջ սրբազանը անդրադարձած է հայ ազգի նուիրեալ մարտիկներու մարտիրոսութեան` առ Աստուած աղօթք հայցելով, որ մարտի դաշտին մէջ եւ անկայուն խաղաղութեան ընթացքին թշնամիի դաւադիր գնդակէն ինկած հայ զինուորներու շիրիմներուն երկնային խաղաղութիւն իջնէ, եւ Բարձրեալի ամենափրկիչ Աջը միշտ սատար կանգնի հայոց բանակին ու հայ զինուորին` անառիկ պահելու հայոց աշխարհի սահմանները:

26-5 (1)Ս. պատարագի ընթացքին` հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն` կատարուած է հանրապետական մաղթանք, որուն ընթացքին ներկաները աղօթք բարձրացուցած են հայրենիքի եւ հայոց բանակի անսասանութեան համար:

Պատարագի աւարտին կատարուած է նաեւ հոգեհանգստեան կարգ` հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած բոլոր քաջարի զինուորներուն համար:

Այնուհետեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն` հրաւիրելով ամէնքը աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած զինուորական ծառայողներուն համար, որոնք երբեմն իրենց կեանքին գնով անառիկ կը պահեն մեր հայրենիքի սահմանները:

Ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը յղած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ մասնաւորապէս ընդգծած է, որ բանակը մեր լուսեղէն ապագայի երաշխիքն է, դարէ դար հայոց եկեղեցին եւ հայոց բանակը գործած են միահամուռ` ուս-ուսի տուած, եւ այդտեղ ալ կը կայանայ մեր ազգին հզօրութիւնը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Մեզի Համար Արհաւիրք Պատրաստողին Նկատմամբ Պարտաւոր Ենք Անողոք Ըլլալ»

Յաջորդը

Հ.Յ.Դ. 32-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.