«Տարուան սկիզբը լարուած էր, եւ մենք ականատեսն ենք հակառակորդին բազմաթիւ նախայարձակ գործողութիւններուն: Ունեցանք ցաւալի կորուստներ, որոնց համար կը սգանք», երէկ յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Կարծեմ ոչ ոք կը կասկածի, որ տղոցմէ իւրաքանչիւրին կեանքին համար ազրպէյճանցիները սուղ պիտի վճարեն. անոնք սուղ վճարած են, այսօր սուղ կը վճարեն եւ ապագային այդպէս ալ պիտի ըլլայ», շարունակած է նախագահը:
Հայկական բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին նուիրուած եւ պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր նիստին բացման խօսքը արտասանելով` Հանրապետութեան նախագահը շեշտած է, որ հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւններուն նպատակը ակնյայտ է: «Ազրպէյճանի իշխանութիւնը չի թաքցներ, որ քաղաքական եւ զինուորական միջոցներու համադրումով կը ձգտի մնայուն լարուածութիւն ստեղծել մեր շուրջ: Ատիկա պարզ սպառնալիքի քաղաքականութիւն է, որուն հիմնական հասցէատէրը ոչ այնքան մենք ենք, որքան միջազգային հանրութիւնը: «Ամէն ինչ միայն ինծի» անհեթեթ գործելաոճով, բանակցային հոլովոյթին մէջ կատարեալ ձախողութեան հասնելով, պաշտօնական Պաքուն կը փորձէ բոլորին ցոյց տալ, թէ ինչե՛ր կրնայ ընել, եթէ չբաւարարուին իր բոլոր քմահաճոյքները, առանց հասկնալու, առանց լրջօրէն վերլուծելու, թէ ինչպիսի՛ սարսափելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ այդ ամէնը իրեն իսկ համար: Աւելի՛ն, ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մէջ որեւէ խնդիր կը յառաջանայ կամ ցաւալի իրադարձութիւն մը տեղի կ՛ունենայ, Ազրպէյճանին կը թուի, թէ եկած է իր աստեղային ժամը, եւ անմիջապէս ինքզինք ցոյց կու տայ առաջին գիծին վրայ», ըսած է նախագահ Սարգսեան եւ շարունակած. «Ի զուր: Շատ ի զուր: Մենք քսանհինգ տարի առաջ, աւելի բարդ ու դժուար պայմաններու մէջ, իրենց աւելի-պակաս ելոյթներն ու ախորժակը տեսած ենք: Այս դահլիճին մէջ հաւաքուածներուն մեծ մասը, վստահ եմ, կը յիշեն, թէ ինչպիսի՛ յոխորտանքներ կը յղէին անոնք 90-ական թուականներու սկիզբները, թէ ինչպէ՛ս կը սպառնային Ստեփանակերտի մէջ ազրպէյճանական դրօշ ծածանել, անոնցմէ մէկը այնքան ինքզինք կորսնցուցած էր, որ կը խօսէր Սեւանի մէջ իր ոտքերը լուալու մասին: Իսկ Շուշիէն ետք ամէն շաբաթ կը կրկնէին, որ շուտով Շուշիի մէջ թէյ պիտի խմեն: Մենք այդ ամէնը տեսած ենք: Չենք յոխորտացած, բայց մարտի դաշտին մէջ մեր գերակայութիւնը անոնց պարտադրած ենք: Այսօր մենք շատ աւելի պինդ ենք: Այնքան պինդ ենք, որքան բնաւ չենք եղած», յայտարարած է Սարգսեան:
«Մենք պատերազմ հրահրելու ոչ մէկ պատճառ ունինք: Մենք միջադէպեր չենք հրահրեր: Դուք ատոր մասին շատ լաւ գիտէք: Եւ մենք երբեք նախայարձակ չենք ըլլար: Բնաւ պէտք չունինք», ըսած է նախագահը` շարունակելով. «Սակայն մեզի հանդէպ ձեռնարկուած որեւէ միջադէպի հետեւած է եւ պիտի հետեւի հատուցման գործողութիւն: Մինչեւ վերջերս մեր ձեռնարկած պատասխան գործողութիւնները եղած են համաչափ իրենց ձեւով եւ անհամաչափ` աւելի մեծ կորուստներ հասցնելու առումով: Այսուհետեւ կրնան տեղի ունենալ նաեւ ձեւով անհամաչափ հատուցման գործողութիւններ: Տաք գլուխները բազմաթիւ անակնկալներ պիտի սպասեն: Աւելի՛ն, մեր սահմաններուն եւ շփման գիծի երկայնքով աւելի մեծ եւ սպառնալից կուտակումներու պարագային, մենք մեզի կը վերապահենք կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու իրաւունքը: Թո՛ղ ոչ ոք մտածէ, որ մենք ձեռնածալ պիտի սպասենք, թէ երբ արհաւիրքը պիտի մտնէ մեր տունը: Մեզի համար արհաւիրք պատրաստողին նկատմամբ մենք պարտաւոր ենք ըլլալ անողոք: Կը կրկնեմ` դիմացինին արկածախնդրութիւնը կը ստիպէ մեզի երթալու անդառնալի վնասներ հասցնելու ճամբով», յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:
«Մենք կը հասկնանք, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ են անխնայ կերպով մահուան բերան ուղարկելու իրենց հարիւրաւոր եւ հազարաւոր քաղաքացիները, միայն թէ իրենց աթոռները ըլլան պաշտպանուած: Բայց մենք չենք կրնար հանդուրժել, որ ատիկա կատարուի մեր քաղաքացիներուն կեանքերուն եւ մեր զինուորներուն կեանքերուն գնով: Ատիկա չի կրնար կատարուիլ մեր հաշուոյն: Մենք կը մնանք այն համոզման վրայ, որ ճիշդը համաձայնիլն է, որ ճիշդը բանակցութիւնները շարունակելն է, եւ յայտնի սկզբունքներու ներքեւ համաձայնութիւններ գոյացնելն է, իսկ ատիկա կարելի է միայն զինադադարի պահպանման եւ վստահութեան կամուրջներ կառուցելու պարագային: Կամուրջներ այրելով ոչ ոք լաւ բանի հասած է եւ պիտի հասնի», շեշտած է Սարգսեան:
«Ես անգամ մը եւս ի լուր բոլորին կը յայտարարեմ. մենք պատրաստ ենք ե՛ւ լաւին, ե՛ւ վատին: Իմ սեղանիս վրայ գոյութիւն ունին կարելի բոլոր տարբերակները: Սթափ գործընկերոջ հետ կրնանք եւ պարտաւոր ենք խաղաղութիւն բանակցիլ: Ոչ սթափ հակառակորդին պարտաւոր ենք եւ, անպայման, խաղաղութիւն պիտի պարտադրենք», յայտարարած է Սարգսեան, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տեղեկատուութեան ծառայութեան: