Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հ.Յ.Դ. 32-րդ Ընդհանուր Ժողովի Յայտարարութիւնը

January 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARF_Logo-coloredՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 32-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Դիլիջանի մէջ, 16-24 Յունուար 2015-ին։ Ժողովին մասնակցեցան կուսակցութեան կազմակերպական շրջաններու պատգամաւորներ եւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ։

Ժողովը քննարկեց եւ արժեւորեց կուսակցութեան անցնող հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, ձեռքբերումներն ու բացթողումները, ապա լրամշակման ենթարկեց յառաջիկայ քառամեակին համար Հ.Յ.Դ. քաղաքական ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը եւ արտաքին ու ներազգային ճակատներու վրայ գործունէութիւնն ու դիրքորոշումները, իր համահայկական եւ Հայաստանակեդրոն աշխարհահայեացքի հիման վրայ։

Ժողովը արձանագրեց որ՝

ա) Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ Հայաստանի եւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնները ամրապնդելու, արդիւնաւէտ կառավարում ապահովելու, համահաւաք ուժերով գործելու, մեր ժողովուրդի ինքնադրսեւորման համար բարենպաստ, ազատ պայմաններ երաշխաւորելու առումով։

բ) Հայաստանի քաղաքական համակարգի անկատարութիւնը, ժողովրդավարութեան արմատաւորման դժուարութիւնները, բարոյահոգեբանական անառողջ մթնոլորտը, անարդարութիւնները կը խարխլեն հայ հասարակութեան վստահութիւնը սեփական պետութեան հանդէպ։ Մեծ չափերու գործազրկութիւնն ու աղքատութիւնը, արտագաղթը կը պարտադրեն վարուող տնտեսական քաղաքականութեան արմատական փոփոխութիւն։

գ) Հայաստանեան ներքաղաքական հիմնական հարցերն են իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական քաղաքական համակարգի կայացումը, գործարարութեան (բիզնեսի) եւ քաղաքականութեան իրական տարանջատումը, ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեամբ նոր որակի իշխանութեան ձեւաւորումը, ընկերային արդարութեան հաստատումը, քաղաքացիներու իրաւունքներու լիարժէք պաշտպանութիւնը։

դ) Հարաւային Կովկասի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ, սաստկացած է մեծապետական ուժերու մրցապայքարը՝ ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման կամ ամրապնդման նպատակով։

ե) Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութիւնը Հայաստանը դրած է ռազմավարական նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։

զ) Ազրպէյճան թափ հաղորդած է իր ռազմապաշտ քաղաքականութեան, զինադադարի գրեթէ ամենօրեայ խախտումներ կատարելով եւ լայն ծաւալի առճակատման վտանգ ստեղծելով։
է) Թուրքիա յարձակողական քաղաքականութիւն կը կիրարկէ իր երբեմնի կայսերապետական դիրքերը վերականգնելու նպատակով, որու թիրախներէն է հայրենամերձ գօտիներու հայկական գաղութներու կազմալուծման եւ ֆիզիքական վտանգի ենթարկելը։

Ընդհանուր ժողովը որոշեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ՝
ա) Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական համակարգի արմատական փոփոխութեան՝ սահմանադրական բարեփոխումներու ճանապարհով եւ ընկերային արդարութեան հաստատումով.

բ) Արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ճիգերը շարունակելով՝ հայութեան ուժերու մէկտեղումի միջոցով դիմակայել Հայրենիքի անվտանգութեան սպառնացող վտանգները.

գ) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը նկատելով Հայ Դատի պայքարի վերանորոգման հանգրուան՝ Հայ Դատի ռազմավարական նպատակ նկատել Թուրքիայէն հողային պահանջատիրութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը հետապնդել համազգային համակարգուած ծրագրով.

դ) Պաշտպանել Ջաւախքի հայութեան իրաւունքները. Ջաւախքի հայկական ինքնութեան պահպանումը համարել հայ-վրացական յարաբերութիւններու սերտացման գրաւական.
ե) Ամբողջական զօրակցութիւն եւ հետեւողական օժանդակութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ հայութեան ինքնապահպանման պայքարին՝ քաղաքական, նիւթական եւ բարոյական բոլոր ուղղութիւններով.

զ) Համախմբել Սփիւռքի ուժերը ի խնդիր հայկական գաղթօճախներու կենսունակութեան եւ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան ընդլայնումին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու անկախութեան գլխաւոր երաշխաւոր հայոց բանակին, զինուած ուժերու ողջ անձնակազմին, որոնք օրնիբուն հակառակ բոլոր վտանգներուն կը պաշպանեն Հայրենիքի անվտանգութիւնն ու մեր ժողովուրդի անդորրն ու խաղաղութիւնը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր 125-ամեակի առիթով կը վերանորոգէ յանձնառութիւնը՝ բոլոր ուժերով նուիրուելու Հայաստանի ու հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման, տարածաշրջանին մէջ ազդեցիկ գործօն դառնալու, մեր ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելու, ինքնիշխանութիւնը ամրապնդելու եւ համահայկական ներուժի ամբողջական կազմակերպումն ու հզօրացումը իրականացնելու։

ՀՅԴ 32-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

24 Յունուար 2015

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ամենայն Հայոց Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զոյգ Վեհափառ Հայրապետներուն Հետ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ռոքեթց Յաղթեց Լէյքըրզի. Հարտին Նշանակեց 37 Կէտ

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Խմբագրական.  Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Համար (Հայաստանի Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով)

September 21, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.