Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Երրորդ Ամէնէն Ռազմականացած Երկիրն Է Աշխարհի Մէջ

December 12, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1211_Zorahantes_9K72Երկրագունդի ռազմականացման մակարդակին վերաբերեալ Պոննի Փոխարկութեան միջազգային կեդրոնի հրապարակած հերթական հետազօտութեան մէջ, որ կ՛արտայայտէ 2013 թուականի իրադրութիւնը, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ամէնէն ռազմականացած երկիրներու  տասնեակին մէջն են` յաջորդաբար երրորդ եւ տասներորդ դիրքերուն վրայ:

Զեկուցումը կազմելու ընթացքին հեղինակները համեմատած են տուեալ երկրի զինուորական ծախսերը համախառն ներքին արդիւնքի եւ  առողջապահութեան ուղղուող ծախսերուն հետ, փորձած հասկնալ, թէ ընդհանուր պիւտճէի որ մասը կը յատկացուի զինուորական մարզին: Միւս ցուցանիշը բանակի անձնակազմի թիւն է, որ հեղինակները համեմատած են երկրի բնակչութեան թիւին հետ` հասկնալու համար, թէ  ընդհանուր բնակչութեան քանի տոկոսը ներգրաւուած է զինուորական մարզին: Միւս չափանիշը տուեալ երկրին մէջ մէկ անձի բաժին եղող  զէնքերու ծանր տեսակի քանակն է:

Պոննի կեդրոնը օգտուած է Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի, Միջազգային դրամական ֆոնտի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներէն:

Այսպիսով, երկրագունդի ամէնէն ռազմականացած երկիրը, ըստ զեկուցումին, Իսրայէլն է, երկրորդը Սինկափուրն է, երրորդը` Հայաստան, որուն կը յաջորդեն Սուրիա, Ռուսիա, Կիպրոս, Հարաւային Քորէա, Յորդանան, Յունաստան եւ Ազրպէյճան: Ուշագրաւ է, որ Հայաստանի դրացի Վրաստան 47-րդ դիրքին վրայ է:

Հայաստան ըստ  2013 թուականի զեկուցումին`  150 երկիրներու շարքին չորրորդ դիրքին վրայ  էր, Ազրպէյճան` 8-րդ:

1990 թուականէն իրականացուող այս հետազօտութեան հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ռազմականացածութեան բարձր մակարդակը պայմանաւորուած է երկու երկիրներուն միջեւ  տարիներով ձգձգուող տագնապով: Մասնագէտները նաեւ կը նշեն, որ Ռուսիա երկու երկիրներուն ալ զէնք կը մատակարարէ:

Միջազգային կեդրոնի մասնագէտ Քոնրատ Շէյթըրի կարծիքով, իրավիճակը վտանգաւոր է, եւ քաղաքական դերակատարները պէտք է միջամտեն լարուածութեան հետագայ աճը կանխելու համար: Շէյթըր միաժամանակ կը նշէ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ռազմականացումը պէտք է դիտարկել ընդհանուր շրջագիծի մէջ: Մասնագէտին կարծիքով, ատիկա կապուած է այն զինուորական բարեփոխումներուն, որոնք  Ռուսիա կ՛իրականացնէ 2008 թուականէն` արդիականացնելով սպառազինութիւններու  համակարգը եւ մեծցնելով պաշտպանական կառոյցներու հզօրութիւնը:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Այսօր Հանդիպում Մը Պիտի Ունենայ Հոլլանտի Հետ

Յաջորդը

Յարձակումի Ենթարկուած Է Պատգամաւոր Արամ Մանուկեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.