Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընթացքին Անդրադարձած Է Ղարաբաղեան Տագնապին

December 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130nal-francoՀայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապին եւ 12 նոյեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կործանուած «ՄԻ-24» ուղղաթիռի դէպքին:

Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանը խորապէս մտահոգուած է շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, որ ստեղծուած է «Ազրպէյճանի կողմէ սադրանքներու եւ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումներուն  հետեւանքով»:

«Դժբախտաբար, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հրաժարեցաւ բարձրաստիճան հանդիպումներուն ընթացքին ստանձնած իր յանձնառութիւններէն` լուծելու այս տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով, եւ դիմեց իրավիճակը աւելի սրելու գծով յանցաւոր սադրանքներու»:

«Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի` ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի կործանումը երեք երիտասարդ զինուորական ծառայողներու կեանք խլեց», Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցումով` ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:

Վերահաստատելով Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը` Նալբանդեան նշեց. «Ներկայիս իրավիճակը կը պահանջէ կրկին ամրագրել մեր կազմակերպութեան լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` ուղղուած այս տագնապի խաղաղ լուծան եւ  կոչ ուղղել` ձեռնպահ մնալու ուժի սպառնալիքէն կամ ուժի կիրարկումէն, եւ  բանակցութիւններուն համար հիմք ընդունելու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  կողմէ առաջարկուած սկզբունքները»:

Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու
Խորհուրդի Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` այս որոշումը միաձայն հաստատուեցաւ Ֆրանսախօութեան  միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29-30 նոյեմբերին Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ: Վեհաժողովին կը մասնակցէին 80 անդամ երկիրներու  պատուիրակութիւններ:

 

Նախորդը

Սապահի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը` Յուզիչ Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Պատերազմի Վերսկսման Մնայուն Վտանգը Չի Կրնար Մեզ Ստիպել Տնտեսութեան Մարզին Մէջ Լուրջ Քայլեր Չկատարելու» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբէկեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.