Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Նախարարութեան Հրահանգով «Սանթր Թաանայէլ» Կարմիր Մոմով Փակուեցաւ

December 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_taanayel_labneԱռողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին մէջ առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէնի պահպանումին ծիրին մէջ նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթ երեկոյեան այցելած է Զահլէի «Սանթր Թաանայէլ» պանիրի եւ մածունի գործարանը` ստուգելու համար գործարանին արտադրութիւնները:

«Սանթր Թաանայէլ»-ի պահակը մերժած է առողջապահութեան նախարարութեան պատուիրակութեան արտօնել, որ մուտք գործեն գործարան, սակայն առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` Պեքաայի ընդհանուր դատախազ Ֆարիտ Քալլասի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք, ներքին ապահովութեան ուժերը բացին գործարանին դռները եւ արտօնեցին նախարարութեան պատուիրակութեան մուտքը:

Ըստ պատուիրակութեան, գործարանը ունի հինգ հսկայական սառնարաններ, որոնցմէ երեքը կը պարունակեն ժամկէտ անց, բորբոսած եւ նեխած արտադրութիւններ, մէկ սառնարանը ամբողջովին դատարկ էր իսկ վերջինին մէջ զետեղուած էին նոր արտադրութիւնները, որոնք կը պարունակէին որդեր, մժեղ եւ այլ միջատներ:

Նախարարութեան գործուղած պատուիրակութիւնը գործարանին մէջ բացայայտեց նաեւ թուական չկրող արուեստական նիւթեր, կարագ եւ քշըք:

Այս բոլորը բացայայտելէ ետք «Սանթր Թաանայէլ» կարմիր մոմով փակուեցաւ եւ այդ մասին ամբողջական տեղեկագիր մը յղուեցաւ Ապու Ֆաուրի, որ այսօր այդ գործարանին թղթածրարը պիտի փոխանցէ դատական իշխանութիւններուն եւ դատական հարց պիտի յարուցէ գործարանատիրոջ դէմ:

Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ առողջ սննդեղէնի այս արշաւը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի:

 

Նախորդը

Տաքարի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Քուէարկել Ի Նպաստ Ամէնէն Աւելի Ժողովրդավարական Նկատուող Ընտրական Օրէնքին» Կ՛ըսէ Ժըպրան Պասիլ

Յաջորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարցը Հետապնդող Յանձնախումբը Երէկ Երեկոյեան Գումարեց Արտակարգ Նիստ Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.