Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեան. «Ազրպէյճանի Գործողութիւնները Ստոր Եւ Ապակառուցողական Են»

November 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

161114AndrzejKasprzyk-InfoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 նոյեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:   Անդրադառնալով վերջերս վարժական թռիչք իրականացնող պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռը հարուածելու դէպքին, նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի գործողութիւնները անուանած է ստոր եւ ապակառուցողական: Երկրին ղեկավարը նշած է, որ Ազրպէյճանի այդպիսի կեցուածքը կը վտանգէ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը շրջանին մէջ եւ կը խոչընդոտէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերը:   Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան խիստ եւ հասցէագրուած գնահատականի անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ նշելով, որ Ազրպէյճանի այսպիսի սադրիչ գործողութիւնները անպատասխան պիտի չմնան:

 

1117_Hagopian_kasperskyԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք երէկ տեսակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի հետ` քննարկելու համար ուղղաթիռի դէպքին եւ անձնակազմի ճակատագիրին հետ կապուած հարցեր:

Յակոբեան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ իր բոլոր կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ` չէզոք գօտիին մէջ կործանուած ուղղաթիռի անձնակազմին ճակատագիրը վերջնականապէս պարզելու եւ ատկէ բխող միւս հոլովոյթները իրականացնելու համար, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Եռեակի Հանրահաւաքները Չցրուեցին Հանրութեան Մօտ Գոյութիւն Ունեցող Անորոշութիւնը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Այսօր ԵԱՀԿ-ի Դիտարկում` Սահմանագիծին Վրայ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.