
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը տակաւին յստակ որոշում չունի, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան: Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ան նշած է. «Մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ համագործակցութիւնը մենք դրական կը գնահատենք, որովհետեւ ատիկա մեր կենսական անհրաժեշտութեան հարցն է: Մենք շատոնց հասկցած ենք, որ ասիկա մեր անվտանգութեան գլխաւոր բաղադրիչն է, եթէ մէկը ըսէ, որ այլընտրանքը կայ, ես կ՛երթամ այդ այլընտրանքին ուղղութեամբ, բայց այդ այլընտրանքը մեզի չեն առաջարկած»: Ինչ կը վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ետք հայկական դրամի արժեզրկման դրամատնային համակարգի վտանգի գօտիին մէջ յայտնուելու նախատեսութիւններուն, պատգամաւորը նշած է, որ բոլոր ձեւի անդամակցութիւններն ալ վտանգներ կը պարունակեն եւ չկայ այդպիսի միութիւն մը, ուր գերիշխանութեան զիջում չըլլայ: Խօսելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն եւ ատոր բացասական ազդեցութեան մասին` Ռուստամեան ըսած է. «Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները չեն նշանակեր, որ մենք պէտք է Ռուսիայէն աւելի շատ խօսինք ատոր մասին, որովհետեւ ես չեմ կարծեր, որ այդ պատժամիջոցները այնպէս կ՛ընեն, որ Ռուսիա իբրեւ գործօն աշխարհի երեսէն չքանայ: Բոլոր լուրերը այդ մասին միշտ չափազանցուած եղած են, աւելի՛ն, բոլոր պատերազմները եղած են Ռուսիոյ դէմ յարձակումով եւ պարտութեամբ: Ասոնք աշխարհաքաղաքական պայքարի հետ կապ ունեցող հարցեր են եւ մենք այդ պայքարին մէջ պէտք է միշտ այնպէս ընենք, որ ոտքի տակ չիյնանք, իսկ ոտքի տակ չիյնալ կը նշանակէ, որ եթէ երկու կողմերուն մէջ պատնէշներ են, անոնց միջեւ պիտի չդեգերիս, դուն պիտի հասկնաս, որ պատնէշի վրայ ես, եթէ անշուշտ չունիս քու փորած խրամատդ»:
«Եռեակի հանրահաւաքները չցրուեցին հանրութեան մօտ գոյութիւն ունեցող անորոշութիւնը: Չեմ կրնար յայտարարել, թէ հանրութիւնը մտահոգող բոլոր հարցերը պատասխաններ ստացած են: Սակայն ատիկա բնական է. քաղաքական պայքարին մէջ ամէն բան միանգամայն չ՛ըլլար: Հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ երկարատեւ պայքարի, սակայն պէտք է նաեւ հասկնայ, թէ ո՛ւր կը տանի այդ պայքարը, իրակա՞ն են արդեօք առաջադրուած խնդիրները եւ համարժէ՞ք են արդեօք այդ խնդիրներուն համար առաջարկուող լուծումները», ըսած է Ռուստամեան: Ան նշած է, որ ՀՅԴ-ն բազմիցս յայտարարած է իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին, սակայն անմիջապէս իշխանափոխութիւն պահանջել` գիտնալով, որ ատիկա տեղի պիտի չունենայ, կը նշանակէ մարդոց մէջ ապագայ յուսախաբութիւն սերմանել:


