Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա Հայաստանը Կարեւոր Գործընկեր Կը Նկատէ

November 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիտինկթըն եւ Նալբանդեան
Լիտինկթըն եւ Նալբանդեան

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է  պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող  Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընը:

Տեսակցութեան ընթացքին Լիտինկթըն նշած է, որ Բրիտանիա Հայաստանը կը նկատէ իբրեւ կարեւոր գործընկեր, եւ իր այցելութեան նպատակը եւ ուղերձը Հայաստանի հետ համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելն է:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նալբանդեան բրիտանացի նախարարին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած վեհաժողովի արդիւնքները:

Լիտինկթըն նշած է, որ Բրիտանիա կ՛աջակցի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ ընթացող հոլովոյթին:

«Անկախ հետապնդուող նպատակէն` Երեւանի հասցէին Պաքուէն լսուող անհիմն քննադատութիւնը  կրնայ տպաւորիչ ըլլալ միայն Ազրպէյճանի բնակիչներուն համար», մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

Անոր խօսքով` հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ իբրեւ բռնատիրութեան վառ օրինակ ճանչցուած պետութեան կողմէ քննադատութիւնը սին բամբասանքէն աւելի չէ: Մօտաւորապէս նման տպաւորութիւն կը գործէր նաեւ Սատտամ Հիւսէյնի քննադատութիւնը:

Լիտինկթըն իր կարգին յայտարարեց, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնած են տարբեր երկիրներու, որոնց շարքին` Ազրպէյճանի իրավիճակով: Ընդհանուր առմամբ, նախարարը ընդգծած է իրավիճակի նրբութիւնը, երբ տնտեսական շահերը կրնան վտանգել բարոյական սկզբունքները:

«Հայաստան միշտ ընդգծած է, որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը  տագնապներու պատճառ չի հանդիսանար: Ընդհակառակն` այդ իրաւունքի գործադրման խոչընդոտումը եւ ժխտումը բարենպաստ հող կը ստեղծէ տագնապներուն համար», ըսած է Նալբանդեան` մեկնաբանելով տուեալ իրաւունքին վերաբերեալ ՄԱԿ-ի մասնագիտական զեկուցումը:

«Մենք միշտ ըսած ենք եւ կ՛ըսենք, որ ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը կրնայ նպաստել ժողովրդավարութեան եւ մարդկային  իրաւունքներու ամրապնդման», շեշտած է  նախարարը` յիշեցնելով, որ գոյութիւն ունեցող միջազգային  կացութաձեւը այդ իրաւունքի արտացոլումն է: «Այդ իրաւունքը արհամարհելը, յեղափոխութեան դիմադրելու նման է», ընդգծած է Նալբանդեան: Ըստ անոր, այդ կարեւոր զեկուցումը կ՛արտացոլէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մօտեցումները: Նալբանդեան նշած է, որ երկիրը չի կրնար մարդկային իրաւունքներուն կողմ արտայայտուիլ եւ ատոր զուգահեռ ինքնորոշման իրաւունքին դէմ ըլլալ: Իբրեւ հետեւողական օրինակ` Նալբանդեան բերած է Սկովտիոյ  հանրաքուէն:

Տէյվիտ Լիտինկթըն իր կարգին ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը տակաւին  մտահոգութեան աղբիւր է, մասնաւորապէս սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով մեծաթիւ զոհերու փաստը»: Ան նշեց, որ Բրիտանիա շատ կարեւոր նշանակութիւն կու տայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաշտեցմամբ եւ տագնապի քաղաքական լուծման ուղիներու որոնումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու  ջանքերուն:

Միաժամանակ, Լիտինկթըն ըսած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կրկնապատկէ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Եւրոպայի եւ շրջանին մէջ կայունութեան սպառնալիք հանդիսացող այս ձգձգուած տագնապի մարդկային ողբերգութիւնը ընդհատելու համար: «Մենք կը ցանկանք միջնորդներու գործողութիւններուն մէջ յառաջընթաց տեսնել», յայտարարեց բրիտանացի նախարարը:

Նախորդը

Մամետեարով Չի Բացառեր Պազըլի Մէջ Նալբանդեանի Հետ Հանդիպումը

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լիտինկթընը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.