Միացեալ Նահանգներու Իլինոյս նահանգէն ընտրուած ծերակուտական Մարք Քըրք հարցում մը ուղղած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ճոն Պասին` ակնկալելով ստանալ անոր յստակ դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Արմէնփրես»-ին հաղորդեց, որ Քըրք յիշեցուցած է, որ 15 յուլիս 2014-ին ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ իր ելոյթին ժամանակ Պաս յայտնած էր, որ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը իբրեւ պատմական փաստ կը ճանչնայ եւ կ՛ոգեկոչէ մահը 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուեցան կամ մահուան աքսորը բռնեցին Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն ընթացքին»:
Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականը հարցուցած է, թէ արդեօք Պաս կրնա՞յ յստակացնել, թէ ո՞ր խումբը կամ խումբերը պատասխանատու են 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար, եւ արդեօք Թուրքիոյ մէջ ապագայ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը համաձայնի՞ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ 11 պետութիւններուն հետ, որոնք պաշտօնապէս այդ սպանութիւնները որակած են իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն:
«Իբրեւ դեսպան` դուք կը պաշտպանէ՞ք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուածներու ժառանգներու իրաւունքները, որպէսզի անոնք ստանան փոխհատուցում Թուրքիոյ Հանրապետութենէն», այսպիսի հարցում ուղղած է Մարք Քըրք: Յիշեցնելով Պասի խօսքերը առ այն, որ դեսպանի կարգավիճակին մէջ թրքական կառավարութեան կոչ պիտի ուղղէ վերադարձնելու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն խլուած կրօնական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանէ կրօնական ազատութեան իրաւունքը Թուրքիոյ մէջ, Քըրք խնդրած է յստակացնել, թէ ի՞նչ յստակ քայլեր ան կը պատրաստուի կատարել եւ արդեօք պատրա՞ստ է բարձրացնելու վերոնշեալ խնդիրը թրքական կառավարութեան առջեւ:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը արձակուրդի մեկնեցաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար Ճոն Պասի թեկնածութիւնը չհաստատած:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց ծերակոյտի որոշումը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դէմ արտայայտուած էր Ճոն Պասի թեկնածութեան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար` նշելով. «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը չի կրնար սատարել Ճոն Պասի թեկնածութեան` հիմնուելով ծերակոյտին մէջ անոր ունեցած ելոյթներուն վրայ, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին նախագահ Օպամայի խախտած խոստումին մէկ մասն են եւ աւելի կ՛ամրապնդեն Թուրքիոյ «բերան փակող» գերակայութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ»:
29 յուլիսին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քննարկումներուն ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը շարք մը ծերակուտականներու միջոցով հարցեր ուղղած էր Ճոն Պասին` ամերիկահայերը յուզող շարք մը խնդիրներու շուրջ: Իր ելոյթին մէջ դիւանագէտը խուսափած էր օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն բնութագրելէ եւ փոխարէնը, կիրարկելով «ընդհանուր պատմութիւն» որակաւորումը, գովաբանած էր Թուրքիոյ օրուան վարչապետ Էրտողանի 23 ապրիլի «ցաւակցական» ուղերձը հայ ժողովուրդին:


