Առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու ջանքերը կը շարունակեն մնալ երկրին առաջնահերթութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ սակայն դրական որեւէ զարգացում կարելի չեղաւ արձանագրել:
Լիբանանեան բանակը երէկ փակեց Արսալի բարձունքները տանող ճամբան, որ արեւելեան Արսալի լեռնային շրջանին մէջ գտնուող զինեալներուն շնչառութեան միակ երակն էր: Իսկ նախանցեալ երեկոյեան բանակը դիրքեր գրաւեց Ուատի Հոսնի դիմաց գտնուող բարձունքներուն վրայ:
Մինչ լիբանանեան բանակը կը փորձէր իր հակակշիռին տակ առնել զինեալ բախումները, սուրիական օդուժը ռմբակոծեց Արսալի բարձունքները` թիրախ դարձնելով Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:
Միւս կողմէ, առեւանգուած ոստիկան Ապպաս Մշէյքի ընտանիքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ իր զաւակէն, որ յայտնեց, թէ առեւանգուած զինուորները ողջ-առողջ են, եւ պահանջեց իր ընտանիքէն նստացոյցեր կատարել իրենց ազատ արձակումը պահանջելու համար:
Աւելի ուշ, շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ինք բանակային Ժորժ Խուրիի ծնողքը փոխադրած է Արսալի բարձունքները, ուր անոնք հանդիպած են իրենց զաւկին: Ան աւելցուց, որ վերադարձին անոնք ենթարկուած են կրակոցի:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները` ներկայութեամբ առեւանգուած զինուորներու ազատ արձակումին հարցը հետապնդող նախարարական յանձնախումբին անդամներուն, որոնց միացաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Առեւանգուած զինուորներուն հարազատները վարչապետարանէն մեկնումի պահուն շեշտեցին, որ իրենց զաւակները նաեւ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զաւակներն են, հետեւաբար անոնք իրենց ճակատագիրին պիտի չլքուին:
Զինուորներուն ընտանիքները շեշտեցին, որ իրենք յաւելեալ շարժումներու եւ մագլցողական քայլերու պիտի չնախաձեռնեն:
Նախարարական յանձնախումբը, նախագահութեամբ վարչապետ Սալամի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսաւ իր նիստին:
Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ առեւանգողներուն պահանջները տակաւին յստակ չեն` աւելցնելով, որ անոնք կը ջանան լիբանանեան միասնականութիւնը խզել:
Սալամ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունի եւ անոր քաղաքական հովանաւորութիւն ներկայացուցած է, որպէսզի առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով կատարէ այն, ինչ որ յարմար կը գտնէ: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը
լուսարձակներէ հեռու կը մնան, եւ այս դժուար կացութեան ընթացքին պահանջուածը համբերութիւնն է:
«Մենք կը գտնուինք հրէշներու դիմաց, որոնք անկրօն են եւ որոնց հետ վարուիլը դժուար է եւ չի կրնար աւանդական ըլլալ», շեշտեց Սալամ:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ վարչապետարան մուտք գործելու պահուն յայտնեց, որ ինք տակաւին կը հաւատայ առեւանգուած զինուորներուն ազատ արձակումին` աւելցնելով, որ զինուորներուն գլխատումը երկիրը իրարանցումի կը մատնէ:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք պաշտօնապէս ստանձնած է առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը եւ այդ հարցով քանի մը ժամէն պիտի մեկնի Քաթար, ուր պիտի ներկայացնէ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները եւ անոնց մասին Լիբանանի կառավարութեան պատասխանը:
Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Կը Դատապարտէ Զինուորներուն Գլխատումը
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի երկու զինուորներու գլխատումը ոճրային ահաւոր արարք մըն է:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանցի զինուորներուն գլխատումը քստմնելի ոճիր մը կը նկատուի եւ ցոյց կու տայ այդ կազմակերպութեան վայրագութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ ահաբեկչութեան դիմադրելու իրենց կամքը:


