
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ձեւակերպած «հրաշալի քառեակը» իսկապէս ձեւաւորուած է, Բարգաւաճ Հայաստան, Ժառանգութիւն, Հայ ազգային քոնկրես եւ ՀՅԴ իսկապէս կը ստիպեն արձագանգել դրուած հարցերուն: Ըստ Ռուստամեանի, եթէ քառեակը առայժմ չկարենայ ամբողջական օրակարգով համաձայնութեան գալ, ատիկա պիտի չխանգարէ, որ իրենք որոշակի քայլեր կատարելով առաջ երթան:
Ան խոստովանեցաւ, որ քառեակի քննարկումները հաշտ ու խաղաղ չեն անցնիր, ինչ որ Ռուստամեան առողջ կը նկատէ: «Տարակարծութիւններու առկայութիւնը մեզի պիտի չխրտչեցնէ: Ընդհակառակն, եթէ կան տարբեր մօտեցումներ, իսկ ատիկա բնական է…Հապա բազմակարծութիւնը ինչի՞ համար կարեւոր է ժողովրդավարութեան համար: Այդ բազմակարծութիւնը պէտք է ըլլայ, որ բանավէճերը տեղի ունենան առարկայական իմաստով», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը ոչ իշխանական ուժերը կը քննարկեն տարեսկիզբէն, սակայն մինչեւ հիմա յստակ նախաձեռնութեամբ հանդէս չեն եկած:
Ռուստամեան նշեց, որ այս, որ հարցը տակաւին օրակարգի վրայ է: Ան նշեց, որ ասիկա մեծ ծրար է եւ իր մէջ կը ներառէ ընդհանրապէս երկրի վիճակին գնահատումը` միասնաբար, եւ անկէ դուրս գալու ելքերու առաջարկումը` դարձեալ միասնաբար: Ռուստամեան շեշտեց, որ պէտք չէ միայն վատ է ըսել, բայց պէտք է նաեւ ըսել, որ ինչպէ՛ս կը պատկերացուի այդ վիճակը փոխել:
1 մարտի հանրահաւաքին Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անդրադարձած էր նաեւ ամբողջական իշխանափոխութեան (որուն կը ձգտէր Քոնկրեսը) հարցին` խորհրդարանին մէջ Քոնկրեսի հետ համագործակցող Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութեան եւ ՀՅԴ-ի ծրագիրներուն մասին ըսելով, որ անոնք հակուած են «փուլային, հանգրուանային» լուծման, այսինքն` նախ պարտադրել կառավարութեան հրաժարականը եւ անկէ ետք միայն մտածել նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին:
Ռուստամեան յայտնեց, որ ամբողջական իշխանափոխութեան մասին չորս ուժերու հանդիպումներուն ընթացքին կը խօսին, պարզապէս համաձայնութեան չեն եկած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը հասկնայ Դաշնակցութիւնը ամբողջական իշխանափոխութիւն ըսելով, ան ըսաւ. «Չենք ըսեր` դուք լաւ չէք, հեռացէ՛ք: Ատիկա չենք ըսեր: Մենք կ՛ըսենք, որ երբ նորը գայ, ի՛նչ պէտք է չընէ»:


