Եւրոպայի ղեկավարները կը մտածեն Ուքրանիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին, որովհետեւ ամիսներէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերէն ետք վերջին օրերուն արձանագրուած յոռեգոյն բռնարարքները 26 զոհ պատճառեցին:
Բռնարարքները ընթացք առին երեքշաբթի օր, երբ ոստիկանութիւնը փորձեց արմատախիլ ընել մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հաստատուած ցուցարարներու ամրոցը:
Նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ընդդիմութեան ղեկավարները ամբաստանեց, իսկ Ռուսիա յեղաշրջումի փորձի ակնարկեց, սակայն Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ «բռնաճնշումին» ետին կանգնողներուն դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ խօսեցաւ «քաղաքական ղեկավարութեան» պատասխանատուութեան մասին, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներ յայտնեցին, որ կասկած չունին, թէ դէպքերուն պատասխանատուները ուքրանական իշխանութիւններն են: Միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ բռնարարքին պատասխանատուները «պիտի պատժուին», իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ, որ իրենք «տառապող մարդոց եւ կիներուն կողքին են»: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ ըսաւ, որ նախագահ Եանուքովիչի «ձեռքերը արիւնոտ են»:
Մինչ Քրեմլին յայտնեց, որ տեղի ունեցածը «յեղաշրջումի փորձ է», Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ ընդդիմութիւնը ամբաստանեց ապօրինի միջոցներով իշխանութեան տիրանալ փորձելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ ընդդիմութիւնը «չափը անցուց»` վստահեցնելով, որ «յանցաւորները պիտի պատժուին»:
Նշելէ ետք, որ «երկրին մէջ տագնապին վերջ տալու առիթ տակաւին գոյութիւն ունի», ան ըսաւ, որ «ընդդիութիւնը հայրենիքին սիրոյն զիջումներ պէտք է կատարէ»: Եանուքովիչ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ծայրայեղականներէն հեռաւորութիւն պահելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ ընդդիմութեան զէնք ունենալու իրողութիւնը «վտանգաւոր հարց մըն է»:
Ուքրանական Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Սերկէյ Պուպքա Սոչիէն բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն, որոնք «մեր երկիրը աղէտի եզրին կը դնեն»:


