Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովական Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛որոշէ Երեսփոխաններուն Ապահովութեան Հսկող Յաւելեալ Զինուորներուն Աշխատանքը Կասեցնել

July 19, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ երէկ խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին կողմէ կարգ մը երեսփոխաններու, որոնց մէջ նաեւ իր ապահովութեան համար տրամադրուած յաւելեալ զինուորներուն առաքելութեան վերջ տալու որոշումը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ ինք Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը եւ ներքին գործոց նախարարը պատասխանատու կը նկատէ իր անձնական ապահովութեան:

Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին տրուած այս որոշումը ճիշդ քայլ մը չի նկատուիր, այլ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն  մաս կազմող անձնաւորութիւններուն ապահովութիւնը կը խաթարէ:

Աւելի ուշ, Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելէն, որ յայտնած է անոր, թէ թիւրիմացութիւն մը պատահած է եւ թէ ինք իբրեւ նախկին ներքին գործոց նախարար պիտի վերստանայ իր ապահովութեան հսկող զինուորները:

Միւս կողմէ, սակայն, Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին հրապարակած որոշումը կ՛ընդգրկէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող այլ երեսփոխաններ, ինչպէս` երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Էլի Մարունի:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հաստատեցին, որ ներկայիս նման որոշում տալու յարմար ժամանակը չէ` աւելցնելով, որ ոեւէ մէկուն փորձանքի ենթարկուելուն պարագային Ապահովական կեդրոնական խորհուրդն ու ներքին գործոց նախարարը պատասխանատու են:

Այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Մարուան Շարպել հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ապահովական կեդրոնական խորհուրդին որոշումը կը վերաբերի միայն կարգ մը երեսփոխաններու տրամադրուած յաւելեալ զինուորներուն:

Նախորդը

Հըզպալլայի Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Միջեւ Հանդիպում

Յաջորդը

«Պիտի Ջանանք Փրկել Ապակիի, Թուղթի Եւ Սննդեղէնի Ճարտարարուեստը, Ինչպէս Որ Փրկեցինք Ալիւմինիոմի Մարզը» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.