Երէկ` երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, թէ նոյն օրուան կանուխ առաւօտէն Ազրպէյճան սկսաւ յարձակողական գործողութիւնները` Արցախի հարաւային ուղղութեամբ, անոր զուգահեռ հրթիռային հարուածներ տրուեցան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտին եւ Շուշիին:
Միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծրուն Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ գիշերը համեմատաբար հանգիստ եղած է, սակայն առաւօտեան մարտական գործողութիւնները սկսած են սաստկանալ, իսկ մայրաքաղաքը թիրախ դարձած է «Սմերչ», «Փոլոնեզ» եւ «Քասիրկա» համակարգերէ:
Օրուան ընթացքին ընթացան յամառ մարտեր, կասեցուեցաւ թշնամիի զօրքերու յառաջխաղացքը: Յովհաննիսեան հաստատեց, որ շարունակուող մարտերուն ընթացքին թշնամին մեծ կորուստներով ետ շպրտուած է:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամէնէն բարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ կիրարկած է մարտավարական հնարքներ` ծուղակը ձգելով թշնամին ու ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը:
Մասնաւորապէս, հայկական կողմը ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մօտ ստեղծած է նահանջի տպաւորութիւն, որմէ ետք, թշնամին, փորձելով արագ կերպով գրաւել հայկական ուժերուն ձգած դիրքերը, յայտնուած է ծուղակի մէջ: Այնուհետեւ, հրետանային հուժկու հարուածին իբրեւ արդիւնք ոչնչացուած է ազրպէյճանական ստորաբաժանումին մեծ մասը: Մարտադաշտին մէջ ձգելով աւելի քան 200 սպաննուած զինուոր, թշնամին անկանոն կերպով դիմած է փախուստի:
Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, որ Ազրպէյճանի տարածքը ռմբակոծուած է Հայաստանի տարածքէն` Յովհաննիսեան նշեց, որ այդ յայտարարութիւնները «սադրանքի հող նախապատրաստող յայտարարութիւններ են»:
Արծրուն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Արցախի պաշտպանութեան բանակը թիրախաւորած է Ազրպէյճանի բացառապէս զինուորական կառոյցներ, մինչ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը լծուած են Արցախի բնակավայրերու հաւաքական հրթիռակոծութեան:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան 5 հոկտեմբերին յայտարարեց, որ 27 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին պատերազմական յանցագործութիւններուն իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ զոհուած է 19, վիրաւորուած` 80 քաղաքացի, վնասուած է մօտ 2700 միաւոր գոյք ու ենթակառուցուածք:
19 զոհերուն մէջ են 1 մանկահասակ աղջիկ, 7 կին եւ 11 տղամարդ:
5 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, որ աւելորդ շահարկումներէ խուսափելու համար կ’ուզէ յստակացնել, որ սահմանագիծի որոշ ուղղութիւններու մէջ մարտավարական նպատակով պաշտպանութեան բանակը ետ քաշած է իր զօրքերը, որպէսզի խուսափի աւելորդ զոհերէ, ինչպէս նաեւ աւելի մեծ վնասներ հասցնէ թշնամիին զօրքերուն:
Ան դիտել տուաւ, որ թշնամիին ռազմական կառոյցներուն հասցուած հարուածներէն ետք Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէն քանի մը հարիւր հազար մարդ խուճապահար փախուստ տուած է դէպի Պաքու եւ թիկունքային այլ բնակավայրեր:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի պաշտօնական շրջանակները արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող յայտարարութիւններ կը տարածեն` իբր թէ Հայաստանէն թիրախ կը դառնան Ազրպէյճանի այս կամ այն բնակավայրը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղեց վերջին մէկ տարուան ընթացքին բանակէն զօրացրուածներուն` ներկայանալու կեդրոնական հաւաքակայան եւ զինուորագրուելու:
Վարչապետը յայտարարեց, որ վերջին տարուան ընթացքին բանակէն զօրացրուածները ուղղակի մարտական հերթապահութեան չեն կանչուիր: «Անոնք կը հրաւիրուին հայրենիքին համար կենաց ու մահու կռիւ տալու», նշեց վարչապետ Փաշինեան` աւելցնելով, որ համապատասխան յանձնարարականները տրուած են, եւ անոնց զինուորագրման գործընթացը տեղի կ’ունենայ կազմակերպուած ձեւով: