ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց վարչապետ Հասսան Տիապի, որուն հետ 45 վայրկեան տեւողութեամբ քննարկեց երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները:
Բագրատունի վարչապետին ուշադրութեան յանձնեց այն իրողութիւնը, որ կառավարութիւնը պարտի արագ կերպով ձեռնարկել բարեկարգումի լայնածաւալ աշխատանքի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերահաստատել տարիներու ընթացքին կորսուած ժողովրդային վստահութիւնը եւ ապահովել օտար պետութեանց եւ ընկերութեանց ներդրումները:
Երեսփոխան Բագրատունի պահանջեց, որ կառավարութիւնը անզիջող ըլլայ երկրին մէջ ապահովական խախտումներ ծրագրող կողմերուն կամ գործակալներուն նկատմամբ, որոնք, օգտուելով օտար դրամանիշի բարձրացումէն, կը շահագործեն քաղաքացիին ապրուստը` զայն վերածելով անխուսափելի պայթումի պատրաստ ուժանակի:
Վերջապէս, Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ առաւելագոյն գործակցութիւնը ստեղծուի խորհրդարանին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ շուտափոյթ ձեւով վաւերացնել բարեկարգումները:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց նաեւ, որ պլոքը կը զօրակցի կառավարութեան, միաժամանակ յիշեցնելով, որ յաւելեալ աշխուժացումի եւ գործնական քայլերու անհրաժեշտութիւնը անմիջական է:
Վարչապետարանէն դուրս գալու պահուն Բագրատունի ըսաւ, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի կառավարութեան, յատկապէս այս դժուար պայմաններուն ընթացքին, երբ կառավարութենէն առաջ երկիրը շրջափակուած է:
«Վարչապետ Տիապէն պահանջեցինք արագացնել բարեկարգումներուն գործադրութիւնը` ըլլան անոնք կառավարութեան թէ խորհրդարանին կապուած, ինչպէս նաեւ ընդգծեցինք կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Վարչապետ Տիապ կը գիտակցի տագնապներուն մեծութեան եւ կը մաղթէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը գործակցին եւ միասնականութեամբ պայքարին այս կացութեան դէմ` հեռու քաղաքական շահերէ եւ կեցուածքներէ, որովհետեւ եթէ Լիբանան հայրենիքը կորսնցնենք, ապա պիտի չկարենանք զայն դարձեալ կառուցել:
«Հարցը չի վերաբերիր վարչապետին կամ նախարարներուն անձերուն, այլ ընդհանուր իրավիճակին, որ դժուար է ու բարդ:
«Մաղթեցինք, որ վարչապետը աշխուժացնէ կառավարութեան աշխատանքի թափը, գործնականացնէ նախարարութիւններուն աշխատանքը եւ քաղաքացիներուն հետ գործակցի ու զգայ անոնց տագնապը: Իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ` կը զօրակցինք կառավարութեան եւ կը փափաքինք գործակցիլ` հարցերու լուծման ի խնդիր», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի: