6 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 28.936 պարագայ, որոնցմէ 16.302-ը` ապաքինած:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 330 նոր պարագայ, 162 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 123.815:
Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 491-ի: