Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան. Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մասին` «Ողջունելի Տուեալներ Չկան»

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու տարեկան համաժողովը եզրափակելով, 6 սեպտեմբերին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն:

Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին` Մնացականեան յայտնեց, որ ողջունելի տուեալներ չկան հոն, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ Ցիւրիխի գործընթացը, կը շարունակէ շրջափակումը, ղարաբաղեան տագնապին նկատմամբ ունի խիստ ընդգծուած կողմնակալ վերաբերմունք, նաեւ կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Կը կրկնեմ, որ մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու  դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, սակայն գործընթացը կը պահանջէ երկու կողմ», դիտել տուաւ ան:

Լրագրող մը հարցուց, որ մէկ կողմէ կայ թուրք-ռուսական համագործակցութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, միւս կողմէ` հոկտեմբերին Իրանի նախագահին Հայաստան ակնկալուող այցելութիւնը, արդեօք ի՞նչ ակնկալութիւններ կան Թեհրանի բարձրաստիճան անձնաւորութեան Երեւան այցելութենէն:

Նախարարը պատասխանեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման գործընթացը չափազանց բարդ ու բազմաշերտ է, իսկ սուրիական հարցը Հայաստանի համար շատ զգայուն է, եւ անիկա կը դրսեւորուի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով:

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ լուրեր շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ` իբրեւ թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պայման դրած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ իր Հայաստան այցելելէն առաջ ազատ արձակեն նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ըսաւ. «Բամբասանքներ, պայման դնել  եւ այլն, եւ այլն, խնդրեմ աւելի լուրջ վերաբերիլ մեր սկզբունքին: Կան ներքաղաքական, ներքին իրաւական, դատական հարցեր: Միակ պատասխանը` աւելի լուրջ վերաբերիլ մեր սկզբունքին»:

Նախարարը ըսաւ, թէ կը նախապատրաստուին 1 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որուն պիտի մասնակցին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները:

Ըստ Մնացականեանի, Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի յստակ ձեւաւորուած, աւանդական ռազմավարական համագործակցութիւն:

Ան խօսեցաւ նաեւ Իրանի հետ կապերուն մասին` դիտել տալով, որ երկու երկիրները ունին բաւական ընդգրկուն, աւանդական օրակարգ, կը միտին խորացնել համագործակցութիւնը այնպէս, որ կարելի ըլլայ արդիւնքներու հասնիլ:

Լրագրողները հարցուցին նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ հաւանական հանդիպումին մասին: Մնացականեան նշեց, որ այս տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու հետ ունին բաւարար երկխօսութիւն` բարձր մակարդակով, իսկ այդ կապը աշխուժացնելու սահմանափակում գոյութիւն չունի:

 

 

Նախորդը

Անվտանգութեան Վերաբերող Հարցերու Քննարկում

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ջերմուկցիներուն, «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ»-ի Եւ Լիտիան Արմենիա»-ի Հետ Քննարկած Է Ամուլսարի Հարցը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?