Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:
Հանդիպումին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան, քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: