Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով պայքարը չկրցաւ շարունակել, երբ 6-4, 5-7, 5-7, 6-4 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով քանատացի Վասեք Փոսփիշիլէն, հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:
Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ գրեթէ առանց դժուարութեան ապահովեց Բ. հանգրուանին իր տոմսը` 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով աւստրալիացի Ճոն Միլմանի դէմ: