25 փետրուար 2019-ին «Օ. Թի. Վի.» կայանէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ կատարած ամբաստանութեանց իբրեւ պատասխան յարուցուած դատական բողոքին իբրեւ հետեւանք, ամբաստանութեանց հեղինակ լրագրող Ղասսան Սէուտ 26 մարտ 2019-ին հրաւիրուած է պետական համապատասխան բաժանմունք եւ ենթարկուած է հարցաքննութեան:
Հարցաքննութեան աւարտին, լրագրող Սէուտ բնակավայրի փաստաթուղթի ստորագրութեամբ ազատ արձակուած է, եւ ապա 29 հոկտեմբեր 2019-ը նշանակուած է դատավարութեան թուական: